ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան երկար ժամանակէ ի վեր մղձաւանջներու մէջ է եւ կը տառապի շատ մը ներքին ու արտաքին ճգնաժամերու պատճառներով։
Թուրքիոյ պարտքերը միջազգային դրամատուներուն, երկրի տնտեսական սուր տագնապը, թրքական լիրայի արժէքի շարունակական անկումը, երկրի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան մասի քիւրտերու պայքարը, Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը եւ այլ պատճառներով, Էրտողան մեծ տագնապի մէջ է։
Ներկայիս ան շատ դժուար պահեր կապրի՝ ցոյցերու, ժողովրդական զայրոյթի եւ երկրի աճող ընկերային ու քաղաքական լարուածութեան եւ տնտեսական փլուզումի զուգահեռ. ներքին հարցերը ցոյց կու տան, թէ թուրքերու 64 տոկոսը համոզուած են, որ Էրտողանը կարող չէ վերահսկել եւ զսպել երկրի տնտեսական խնդիրները։ Ան բանտարկած է հազարաւոր մարդիկ, որոնք չեն աջակցած իր քաղաքականութեան, որոնցմէ վերջինը Օսման Քաւալան է։
Ներքին ընդդիմադիր ուժերը, գլխաւորութեամբ՝ ամենամեծ ընդդիմադիր կուսակցութեան, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը եւ իր ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն, նաեւ Էրտողանի հին ընկերները՝ Ահմետ Տաւուտօղլու, Ալի Պապաճան եւ ուրիշներ, կը պատրաստուին զինք հեռացնել 2023ին կայանալիք ընտրութիւններու յաղթանակէն։ Էրտողան արդէն խմեց դառնութեան առաջին բաժակը, երբ իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմի պարտուեցաւ Յունիս 2019ին Իսթանպուլի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն՝ հանրապետական թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու դէմ։
Էրտողանի արտաքին գլխաւոր հարցերը իր անդամակցած կազմակերպութեան ՆԱԹՕի (NATO) հետն է.
– Ռուսական S-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը, որուն հետեւանքով Ամերիկա պատժամիջոցներ կիրառեց Թուրքիոյ պաշտպանական հատուածի նկատմամբ եւ անոր դուրս հանեց ռազմավարական F-35 կործանիչներու ծրագիրէն։
– Եւրոպայի հետ անոր յարաբերութիւնները վատացան, երբ ան երկար ժամանակ սպառնաց Կիպրոսին եւ Յունաստանին, փախստականներ ղրկել դէպի Եւրոպա, բախումներ ունեցաւ Ֆրանսայի հետ Լիպիոյ հարցով եւ ընդհանրապէս անոր յարաբերութիւնները Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հետ անկումի մէջ էին, արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ իր՝ կրօնքի վրայ հիմնուած կոպիտ մօտեցումին համար:
– Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, Իսրայէլի հետ անոր վատ յարաբերութիւնները, «Իխուան»ներու եւ այլ պատճառներով Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի հետ թշնամական յարաբերութիւնները, բոլորը տկարացուցին Էրտողանի դիրքը շրջանին մէջ։
Էրտողան նախապէս փորձեց Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնեցնել՝ արաբները շահագործելով, սակայն սիւննի Թուրքիան եւ ուահապի Սէուտական Արաբիան, թէեւ երկուքն ալ մահմետական են, սակայն անոնք տարբեր յարանուանութիւններու կը պատկանին. Սէուտական Արաբիան՝ իր քարիւղի հսկայ հարստութեամբ եւ իսլամական ամենակարեւոր սրբավայրերով՝ Մեքքայով, Մետինէյով, եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները՝ իր հսկայ հարստութեամբ, Եգիպտոսը իր ծանրակշիռ դիրքով, դէմ են Էրտողանի ծրագիրներուն։
Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ էր որ Թուրքիան միջազգայնօրէն մեկուսացուած էր, բայց վերջապէս Էրտողանի բախտը բացուեցաւ, երբ Ռուսաստանի պատերազմը Ուքրանիոյ դէմ հնարաւորութիւն տուաւ Թուրքիոյ, որ ան խաղաղութեան միջնորդի դեր կատարէ եւ յաջողեցաւ զանոնք մէկ սեղանի բերել Իսթանպուլի մէջ. այդպէսով ան ուզեց շրջանի մէջ ազդեցիկ դեր ունենայ իբր ազատ մեծ պետութիւն եւ ոչ թէ Սառը պատերազմի ժամանակի նման, Ամերիկայի եւ ՆԱԹՕի պատնէշը՝ Ռուսաստանի դէմ:
Գիտակցելով Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը՝ դէպի Եւրոպա ուղղուած քարիւղի եւ կազի կարեւոր ուղիներուն վրայ, եւրոպացիները մէկ կողմ ձգած են իրենց հակակրանքը Էրտողանի նկատմամբ։ Նմանապէս Ամերիկա բաւականին մեղմ քաղաքականութիւն կը վարէ անոր հանդէպ, մէկդի դնելով իր անհամաձայնութիւնները Էրտողանի հետ:
Ներկայիս Թուրքիոյ դերը Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար, որ հիմնուած է Թուրքիոյ եզակի դիրքի վրայ՝ որպէս ՆԱԹՕի անդամ եւ լաւ կապերը երկու երկիրներուն հետ, բարձրացուց թրքական դիւանագիտութեան հեղինակութիւնը, նոյնպէս Էրտողանինը, եւ այս բոլոր զարգացումները մղեցին զինք, որ իր հաշիւները դարձեալ ստուգէ:
Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելէ ետք, ան անդրադարձաւ տարածաշրջանի խոշոր երկրներուն։ Թուրքիոյ աճող մեկուսացումը եւ տնտեսական լուրջ դժուարութիւնները ստիպեցին Էրտողանին, որ բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններուն հետ։
Փետրուարին, Էրտողան Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու պաշտօնական երկօրեայ իր այցի ընթացքին ստորագրեց 13 համաձայնագրեր, որոնք կը վերաբերին ներդրումներու, արդիւնաբերութեան, արուեստագիտութեան, պաշտպանութեան, եւայլն։
Մարտին, Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ Թուրքիա այցելեց եւ ան Էրտողանի հետ այդ այցը «շրջադարձային կէտ» համարեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Այսպէս դիմաւորուեցաւ Իսրայէլի նախագահը Թուրքիոյ մէջ։
Իսրայէլի նախագահ Հերցոկ յոյս յայտնեց, որ տարակարծութիւնները կը լուծուին «փոխադարձ յարգանքով»՝ ըսելով․ «Մենք բոլորս Աբրահամի զաւակներն ենք» ։
Իսրայէլի հետ ամենակարեւոր քննարկուած կէտերը Արեւելեան Միջերկրական ծովու թղթածրարը եւ Իսրայէլէն Եւրոպա կազատարը Թուրքիոյ տարածքով երկարելու նախագիծն էր, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւնները։
Ապրիլին, երկար նախապատրաստութիւններէ ետք Էրտողան այցելեց Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպեցաւ Սալման պըն Ապտուլ Ազիզի թագաւորին եւ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալմանի հետ, որուն Էրտողան 2018էն ի վեր կը հալածէր սէուտցի լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութեան յանցանքով, Իսթանպուլի սէուտական հիւպատոսարանին մէջ։
Այսպէս խոնարհեցաւ Էրտողանը իր հալածած Սէուտիոյ գահաժառանգին դէմ։
Էրտողան աւելի քան մէկ տարի առաջ յայտարարած էր Սէուտական Արաբիոյ հետ տարակարծութիւններու էջը շրջելու իր երկրի մտադրութեան մասին եւ նոյնիսկ զանգահարած էր թագաւորին անցեալ տարուան Մայիսին, Ռիատի մէջ հանդիպելու համար։
Մնաց Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները։
Թրքական կողմը կը շարունակէ հանդէս գալ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու մասին յայտարարութիւններով, սակայն քանի մը գլխաւոր անհամաձայնութիւններ կան երկու երկիրներու միջեւ։ Միջերկրական ծովի կազի կազմակերպութեան առնչուող բանակցութիւնները, Թուրքիոյ մէջ ապաստանած եգիպտացի «Մուսուլման եղբայրներ»ը, որոնք իբր ահաբեկչական խմբաւորում ճանչցուած են Եգիպտոսի կողմէ եւ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ վարձկաններուն հետ շարունակուող վէճը։ Առաւել, Եգիպտոսը պատճառ չի տեսներ, որ Թուրքիա ռազմական ներկայութիւն ունենայ Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, մտահոգութիւն յայտնելով Թուրքիոյ ընդլայնողական քաղաքականութեան մասին։
Էրտողան տակաւին կը շարունակէ զերօ թշնամի ունենալու քաղաքականութիւնը երկրի տնտեսական վիճակը բարելաւելու եւ 2023ի կայանալիք ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովելու համար։ Ան Մարտ 21ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին յայտնած է, որ պիտի կատարէ իր խոստումը` երկիրը դարձնելու աշխարհի լաւագոյն 10 տնտեսութիւններէն մէկը:
Թուրքերը միշտ բախտաւոր եղած են, սակայն ներկայ ժամանակները օսմանցիներուն ժամանակները չեն:
Լոս Անճելըս
I wonder how these so called countries can rely on Erdogan’s tricky lies, sorry for not been able to measure his evil intentions, as it says “WAIT AND SEE”