
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան հաստատման: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Փաշինեան ընդգծեց հայ-ամերիկեան համագործակցութեան, ռազմավարական երկխօսութեան աշխուժացումը եւ կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր, յստակ դիրքորոշումը Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ, ինչ որ կը նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան:
Նշելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛առաջնորդուի խաղաղութեան հաստատման օրակարգով՝ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ միջազգային գործընկերներուն, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներու շարունակական օժանդակութիւնը այդ գործընթացին:
Զրուցակիցները, ըստ կառավարութեան, միտքեր փոխանակեցին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին շուրջ: