ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան կառուցողական նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը:
Գրիգորեան, որ կը ղեկավարէ նաեւ Հայաստանի յանձնաժողովը, «Թասս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ առաջին հանդիպման քննարկած են բացառապէս հետագայ համատեղ աշխատանքին վերաբերող կազմակերպչական հարցեր:
«Մայիսի 24ին մենք հանդիպեցինք սահմանին: Հանդիպումը համարում եմ կառուցողական: Յանձնաժողովների յաջորդ հանդիպման ժամկէտների շուրջ պայմանաւորուածութիւն դեռեւս չկայ, սակայն կայ հաստատում, որ հանդիպումը կայանալու է Մոսկուայում», ըսաւ ան։
Գրիգորեան նաեւ հաստատեց, որ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու միացեալ համանախագահութեամբ երթեւեկի ուղիներու եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի հանդիպումը: