ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի ընդդիմութեան նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած արտակարգ նիստին: Այս մասին յայտնեց խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան:
Նիստը պիտի գումարուի հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու օրակարգով: