
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Ոստիկանական ուժերուն մէջ 32 տարիներու իր սպասարկութենէն ետք, Կլենտէյլի ոստիկանապետ Քարլ Փովիլաւթիս յայտարարեց, թէ որոշած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն։
2018էն ի վեր քաղաքին ոստիկանապետի պաշտօնը ստանձնած Փովիլաւթիս պաշտօնէն պիտի հեռանայ Սեպտեմբերին, յուսալով, որ մինչ այդ նոր ոստիկանապետ մը կը նշանակուի։
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասխեան եւ քաղաքի վարիչ Ռուբիկ Կոլանեան դրուատեցին Փովիլաւթիսի օրինակելի ծառայութիւնը։