Քալիֆորնիոյ Օքլընտ քաղաքէն երաժշտական գործերու յօրինող Ճոզէֆ Պոհիկեան եւ սուրիահայ յօրինող Գէորգ Մուրատ ի մի գալով՝ յօրինած են 21 վայրկեաննոց երաժշտական ստեղծագործութիւն մը, որ նուիրուած է Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին մեծ վնասներ կրած սուրիահայութեան։
Ստեղծագործութեան մէջ կան նաեւ Սուրիոյ պատերազմէն տուժած մօտաւորապէս 200 սուրիահայերու վկայութիւններէն բաժիններ։
Ստեղծագործութեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը առցանց տեղի պիտի ունենայ, Շաբաթ, 4 Յունիսին, Քալիֆորնիոյ ժամով առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, www.youtube.com/watch?v=97wgstOwahE կայքէջին վրայ։