ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջեւ, որոնք, տարբեր հարցերու կողքին, քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող եռակողմանի համաձայնութիւններու կատարման հարցը: Այս մասին յայտնեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Քննարկուեցան Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւններու կատարումը՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման առնչուած որոշակի հարցերու լուծման, տնտեսական կապերու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վրայ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Ալիեւ Ռուսիոյ նախագահին մանրամասնութիւններ տուաւ 22 Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ հանդիպման մասին:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին հաստատուեցաւ ռուս-ատրպէյճանական ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ խորացման փոխադարձ մտադրութիւնը: