ՖՐԵԶՆՕ.- 28 Մայիսի շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Վերադարձ հիմնականին» նախաձեռնութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայէն այլ շրջաններու մօտաւորապէս 35 ՀԵԴականներ:
Արդիւնաբեր քննարկումներ տեղի ունեցան «ՀԵԴի հինգ սիւները» հանդիսացող՝ դաստիարակչական, Հայ Դատի, ընկերային, մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներու զարկ տալու կարելիութիւններուն շուրջ:
Նախաձեռնութեան աւարտին, մասնակցողները հաւաքուեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ նորագիր 18 երիտասարդներու երդման արարողութիւնը: Անոնցմէ չորսը շրջանի պատանեկանէն փոխանցուեցան ՀԵԴին:
Երդման արարողութենէն առաջ խօսք առաւ ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխի ատենապետ Լենա Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, իսկ արարողութեան կնքնահայրն էր Շահէն Օհանեան, որ քաջալերական խօսքերով նորեկները առաջնորդեց ՀԵԴի շարքերը:
Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴի Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներ:
