ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Լրագիր», «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 29ին, երեկոյեան ժամը 7:40ին պետական այցով Հայաստան ժամանեց Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ նախագահ Շիրաքը դիմաւորեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
Օդակայանին մէջ տեղի ունենցաւ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Զինուորական նուագախումբը նուագեց երկու երկիրներու քայլերգները, ապա Ֆրանսայի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայաստանի եռագոյնին, որմէ յետոյ նախագահները ընդունեցին հանդիսաւոր քայլերթը:
Երեք օդանաւներով Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան եւ ծովագնացութեան, պետական ծառայութեանց, մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ գործարարներ, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզական ոլորտի ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ համայնքի անդամներ, լրագրողներ:
Օդակայանին մէջ հիւրերը դիմաւորեցին ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան, տարածքային կառավարման նախարար Յովիկ Աբրահամեան, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ այլ պաշտօնատարներ:
Օդակայանէն մեկնելէ յետոյ, պետական ընթրիք մատուցուեցաւ Ֆրանսայի նախագահին եւ Ֆրանսայի առաջին տիկնոջ պատուին:
Սեպտեմբեր 30ին Ֆրանսայի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ 1915ի Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին եւ այցելէ Ցեղասպանութեան թանգարան:
Նախագահ Շիրաքը պիտի հիւրընկալէ նաեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ապա Ֆրանսայի նախագահը պիտի մասնակցի Ֆրանսական հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Երեկոյեան նախագահներ Քոչարեան եւ Շիրաք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ներկայ պիտի գտնուին «Շարլ Ազնաւուրը եւ ընկերները» բացօթեայ համերգին:
Ֆրանսիայի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանէն պիտի մեկնի Հոկտեմբեր 1ին: