ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հեռաձայնային զրոյց ունեցան: Այս մասին յայտնեց իրանեան «Մեհր» լրատուական գործակալութիւնը:
Մասնաւորապէս, Ռայիսի հայ-իրանեան շարունակական խորհրդակցութիւնները նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութեան եւ խորութեան նշան:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սկզբունքն է պաշտպանել տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը, որոնց կարգին՝ միջազգային սահմանները, յարգել երկիրներու ազգային ինքնիշխանութիւնը, ամրապնդել տարածաշրջաններուն միջեւ հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքները», յայտնեց Իրանի նախագահը:
Ան ելեկտրականութեան եւ փոխադրութեան ոլորտին մէջ հայ-իրանեան երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութիւնները ընդլայնելու կոչ ուղղեց՝ ընդգծելով, որ այդ կապերը կ՛ամրապնդեն տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, տնտեսութիւնը եւ առեւտուրը:
«Իրան կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու յառաջընթացին», շեշտեց Ռայիսի՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ տակաւին գոյութիւն ունեցող հարցերը պիտի կարգաւորուին խաղաղ կերպով՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համաձայն, յարգելով երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Փաշինեան բարձր գնահատեց Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային զարգացումներու հարցին մէջ եւ Իրանի դերակատարութիւնը կարեւոր ու արդիւնաւէտ որակեց: Ան յայտնեց, որ Հայաստան շահագրգիռ է ընդլայնելու տնտեսական, առեւտրական, քաղաքական եւ մշակութային համագործակցութիւնը Իրանի հետ: Ան նաեւ ողջունեց Թեհրանի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ 3+3 ձեւաչափով գագաթնաժողովի գումարումը: