Մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ոճիրը, որուն զոհ գնաց տեղւոյն մեր պաշտօնակից «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինք, իր վրայ կեդրոնացուց տեղական, հայկական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու, ինչպէս նաեւ պետական-պաշտօնական, թէ քաղաքական շրջանակներու ուշադրութիւնը:
Ըլլա՛յ լրատուութեանց, ըլլա՛յ ոճիրին յաջորդած քաղաքական յայտարարութիւններուն կամ մեկնաբանութիւններուն մէջ, մէկ բան ակնյայտ էր, որ ոճիրը յառաջացուց ցասումի եւ դատապարտումի համատարած ալիք մը:
Բազմաթիւ կողմեր՝ Թուրքիա, Եւրոպական միութիւն եւ եւրոպական այլ երկիրներ, Մ. Նահանգներ, Հայաստան, իւրաքանչիւրը իր պաշտօնական շրջանակներով թէ մամուլով, փորձեցին իրենց յատուկ մեկնաբանութիւնները տալ ոճիրին կապակցութեամբ:
Կեցուածքներու եւ մեկնաբանութիւններու հեղեղին մէջ սակայն, մեզի համար առաջին իսկ վայրկեանէն շատ յստակ էր, որ Թուրքիան ի՛նքն էր պատասխանատուն Տինքի դէմ գործուած ոճիրին, անկախ անկէ, թէ անձերու իմաստով ո՞վ կամ որո՞նք են ոճիրը գործադրողները կամ այդ որոշումը տուողները:
Թուրքիան պատասխանատու է ոճիրին բազմաթիւ պատճառներով:
Առաջին՝ որովհետեւ տասնամեակներէ ի վեր Անգարայի իշխանաւորները ոչ միայն չեն ընդունիր ու չեն ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլեւ կ’ուրանան զայն: Թրքական իշխանութիւնները վերջին տարիներուն այնքան առաջ գացին այս իմաստով, որ սկսան մշակել զոհը իբրեւ դահիճ ներկայացնելու վարքագիծ մը: Անոնք նոյնիսկ սկսան յուշարձաններ կառուցել Թուրքիոյ զանազան վայրերու մէջ, նուիրուած այն թուրքերուն, որոնք իբրեւ թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն զանգուածաբար սպաննուած են հայերու կողմէ:
Երկրորդ՝ «աւանդաբար», Թուրքիոյ մէջ տասնամեակներէ ի վեր, թուրք ժողովուրդը, յատկապէս նոր սերունդը, ամբողջովին անտեղեակ պահուած է Օսմանեան կայսրութեան օրերուն իշխանութեանց կողմէ հայութեան դէմ գործուած խժդժութիւններուն: Թուրքիոյ նորագոյն պատմութիւնը կառուցուած է Մուսթաֆա Քեմալի շեփորահարած ազգայնամոլ գաղափարախօսութեան վրայ, որ իր կարգին յառաջ բերած է ոչ միայն իրականութիւններէն անտեղեակ սերունդներ, այլեւ այլատեացութեամբ լեցուցած է անոնց իմացական թէ զգացական աշխարհը:
Երրորդ՝ քայլ մը անդին երթալով, Թուրքիա հետեւողականօրէն անտեսեց պետութիւններու միջազգային համայնքին կողմէ կատարուած այն քայլերը, որոնք իրմէ կը պահանջեն ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: 80ական թուականներու սկիզբները, երբ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերան յստակ ակնարկութիւն կ’ընէր Հայկական Ցեղասպանութեան, երբ 1987ի Յունիսին Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւ կը քուէարկէր՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ Անգարայէն կը պահանջէր նոյնը ընել, երբ այդ թուականներէն ասդին բազմաթիւ պետութիւններ (ներառեալ Ֆրանսա, Քանատա) իրենց խորհրդարաններով թէ գործադիրի բարձրագոյն մակարդակով, գրաւոր թէ բերանացի, յայտարարութիւններ կը կատարէին ի նպաստ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, այս բոլորը արժանացան Թուրքիոյ ոչ միայն միահամուռ մերժումին, այլեւ հակայարձակումին:
Այս ծիրէն ներս, Թուրքիա գտաւ եւ ցարդ կը շահագործէ այս հարցով իրեն դաշնակցողներու (եւ հետեւաբար՝ ուրացման մէջ իրեն մեղսակիցներու) կարեւոր «ցանկ» մը՝ Սպիտակ տունը, Իսրայէլը եւ Թաչըրի, Մէյճըրի կամ Պլէրի Բրիտանիան:
Չորրորդ՝ Թուրքիոյ վայելած այս զօրակցութիւնը զայն դարձուց աւելի անհանդուրժող եւ աւելի յարձակապաշտ:
Հինգերորդ՝ չբաւարարուելով այս բոլորով, Թուրքիա հարցը քաղաքական կեցուածքէն փոխադրեց օրինական դաշտ, երբ երկրի պատժական օրէնքին մէջ յօդուած զետեղեց, որ բանտարկութեամբ կը սպառնայ բոլոր անոնց, որոնք դրական կերպով կ’անդրադառնան Հայկական Ցեղասպանութեան, կամ կ’ընդունին զայն: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի տխրահռչակ 301րդ յօդուածին:
Հետեւաբար, միայն ժամանակի հարց էր, որ նման ոճիր մը պատահէր Թուրքիոյ մէջ: Անխուսափելի էր նման ոճիր մը, որովհետեւ թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւնները իրենց այս քայլերով ստեղծած էին «նպաստաւոր» մթնոլորտ մը, ուր 17 տարեկան պատանեակներ քաջալերուին ատրճանակի բլթակ քաշելու Անգարայի պաշտօնական կեցուածքը երբեմն մերժողներու գլխուն:
Այս մթնոլորտին մէջ, թրքական այս մարտավարութիւնները բնականաբար իրենց դէմ պիտի գտնեն մտաւորականներու եւ իսկապէս արդարօրէն ու քաջաբար մտածելու ատակ թուրք անհատներու խումբ մը, որ հետզհետէ կը ստուարանայ: Այս թերթը բազմիցս արձագանգ հանդիսացած է այն թուրք գրողներու, ակադեմականներու, լրագրողներու կամ անկախ մտածողութիւն զարգացուցած թուրք անհատներու յայտարարութեանց, որոնք բացէ ի բաց կը հաստատեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ իրենց իսկ իշխանութիւններուն կոչ կ’ուղղեն քայլեր առնել, դարմանելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու պալարը:
Ժամը կը մօտենայ Թուրքիոյ համար, որպէսզի վճռական շրջադարձ կատարէ իր կեցուածքներուն մէջ: Անգարայի իշխանութիւնները պէտք է հարց տան իրենք իրենց, թէ Թուրքիա մինչեւ ո՞ւր եւ մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակել իր ընթացքը հայ-թրքական հետզհետէ բորբոքող պալարի բեռով: