ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2020ին լոյս տեսաւ միսիոնարուհի Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն (Օրագրութիւն)» հատորը, մեկենասութեամբ Հենրի եւ Րաֆֆի Սիսլեան եղբայրներուն, ի յիշատակ իրենց ծնողաց` Յակոբ եւ Վերժին Սիսլեաններու: Գիրքը բաղկացած է 168 էջերէ:
«Երկու խօսք»ին մէջ Անդրանիկ Տագէսեան կ՛ըսէ, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Թուրքիոյ պարտութեամբ, տարագիր հայերը վերադարձան իրենց բնօրրանները, վերապրած հաճընցիներուն մեծամասնութիւնը եւս վերադարձաւ:
Արեւմտեան երկիրներէ միսիոնարներ նոր թափով ուղղուեցան դէպի Փոքր Ասիա եւ Կիլիկիա, ամոքելու Եղեռնէն վերապրած հայերու վէրքերը: Այս ժամանակ ալ Հաճըն հասան միսիոնարուհիներ Ալիս Քլարք եւ Էտիթ Քոլտ:
Ալիս Քլարք կ՛ըսէ, որ 1919 Փետրուարին Նիւ Եորքէն ճամբայ ելան եւ Մարտին հասան Պոլիս, իսկ Մայիս 11ին ժամանեցին Հաճըն:
Հաճընի մասին ան կը գրէ. «Հաճըն սքանչելիօրէն տեղադրուած է ծովու մակերեսէն երեք հազար հինգհարիւր ոտք բարձրութեան վրայ: Քաղաքը աննկարագրելիօրէն ողորմելի վիճակի մէջ է: 4500 տուներէն միայն 500ը կանգուն է: Աւերակ է ամէն կողմ» ու կ՛աւելցնէ․ «Ստանձնած եմ որբերուն ընդհանուր վերահսկողութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ հայթայթումը անձեռոցներուն, հագուստներու մաքրութեան եւ այլն: Հետաքրքրական է տեսնել թուրքերէն փրկուած երեխաներուն մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնը: … Շատ ուրախ կը զգամ գործիս առնչութեամբ»:
Թուրք չեթէական ուժեր 1920ի Մարտին սկսան յարձակումներ կազմակերպել Հաճընի դէմ, իսկ հաճընցիք ինքնապաշտպանութեան դիմեցին:
Քլարք կը գրէ. «Ապրիլ 6: Մենք մահուան հովիտին մէջ ենք արդէն, եւ դժուար թէ կարենամ պատմել մեր ապրածները: Դեռ շշմած եմ: Մեր համալիրը հարուածող փամփուշտները շատցան: Դպրոցին բոլոր սենեակները փոքրերով լեցուն են:
«… Ապրիլ 25: Գրեթէ եօթ շաբաթ է որ դուրսէն բան չենք լսած: Զարմանալի է, որ ինչո՞ւ ֆրանսացիք չեն գար քաղաքին օգնութեան:
«… Մայիս 22: Եթէ թուրքերը կ՛ակնկալեն քաղաքը առնել` ուրեմն աւելի ազդու թնդանօթ պէտք է բերեն: Ըստ թուրքերուն, մեծ վնասներ պատճառած են քաղաքին:… Հաճըն մեռեալ քաղաքի կը նմանի:
«… Յունիս 10: Ի վերջոյ հասաւ օրհասը: Առջի գիշեր խումբ մը հայեր խուժեցին համալիր եւ զինաթափ ըրին թուրքերը:… Մեր կացութիւնը զարհուրելի է:… Կէս գիշերին թրքական կրակոցը սկսաւ աւելի մօտէն արձակուիլ: Առտուն ռումբեր նետուեցան մեր շէնքերուն վրայ»:
Իր կարգին Էտիթ Քոլտ կ՛ըսէ, որ թուրքեր իրենց դիրքերը տեղադրեր էին միսիոնարական համալիրին մօտ եւ ամբողջ համալիրը մնայուն թիրախ էր Հաճընէն եկած կրակոցներուն:
Հաճընի մէջ կացութեան վատթարացման պայմաններուն տակ միսիոնարուհիները 13 Յունիս 1920ին հեռացան քաղաքէն եւ Թալասէն, Սեբաստիայէն ու Թոքաթէն անցնելով հասան Սամսոն, ուրկէ նաւով փոխադրուեցան Պոլիս եւ հոնկէ` Ամերիկա:
«ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՃԸՆԻ ՈՐԲԱՆՈՑԸ»
Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկ Տագէսեանի ներածութեամբ, թարգմանութեամբ ու ծանօթագրութեամբ Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2020ին լոյս տեսաւ «ՀԲԸ Միութեան Հաճընի Որբանոցը (1919-1920)» հատորը, բաղկացած` 288 էջերէ: Գիրքը լոյս տեսած է Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ, իր ծնողաց` Տէօվլէթ եւ Էօժենի Պապահէքեաններու յիշատակին:
Եղեռնէն վերապրած տարագիր հաճընցիներու առաջին վերամուտը ծննդավայր կ՛արձանագրուի 25 Մարտ 1917ին: Յուլիսին արդէն քաղաքին բնակչութեան թիւը հասած էր վեց հազարի:

Հաճընի մէջ սկսան գործել «Նիր Իսթ Ռըլիֆ»ի, «մենոնայթ»ներու եւ ՀԲԸՄի որբանոցները:
ՀԲԸՄի որբանոցին եւ հիւանդանոցին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբեր 1919ին:
Հաճընի վրայ թուրք չեթէներու յարձակումներէն ետք, Հաճընի ինքնապաշտպանութեան բարձրագոյն ժողովը եւ վերին հրամանատարութիւնը քաղաքը գլխաւոր չորս դիրքերու բաժնեցին:
ՀԲԸՄի Հաճընի որբանոցին տոմարին համաձայն, հոն պատսպարուած էին 210 որբեր: ՀԲԸՄ զօրաշարժի ենթարկած էր նիւթապէս բարեկեցիկ հայեր, որոնք ստանձնելով որբերուն նիւթական բարերարութիւնը, սատարեցին որբախնամի առաքելութեան:
Հաճընցիներու հերոսական գոյամարտը շարունակուեցաւ մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 1920, երբ թուրքեր գրաւեցին քաղաքը եւ անխնայ կոտորեցին ժողովուրդը: Ջարդուեցան նաեւ ՀԲԸՄի որբանոցին որբերը եւ հիւանդանոցի պաշտօնէութիւնը: Յաջորդող օրերուն շատ փոքրաթիւ հաճընցիներ եւ անոնց շարքին` որբանոցէն ինը որբեր յաջողեցան անցնիլ ֆրանսական գրաւման գօտին:
Հաճընցիք 1931ին Պէյրութի հիւսիսային մուտքին հիմնեցին Նոր Հաճընը: