Երկուշաբթի, 23 Մայիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան այցելեցին Լիբանանի Հայոց Ազգային առաջնորդարան՝ մօտէն ծանօթանալու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերուն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, յօգուտ լիբանանահայութեան, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ ի գործ դրուած վերականգնումի ճիգերուն:
Հանդիպման ընթացքին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին անցնող տագնապի օրերուն լիբանանահայ կեանքը պաշտպանելու համար Ազգային առաջնորդարանին եւ յարակից կառոյցներուն ճամբով տարուած բազմերես այն աշխատանքներուն մասին, որոնք իրականացան համահայկական ճիգով եւ համազգային աջակցութիւններու շնորհիւ:
Այս առիթով, Շահէ արք. Փանոսեան, Լիբանանի Հայոց թեմին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Թորգոմ սրբազանին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, որոնք լիբանանահայ կեանքի պահպանութեան համար յանձն առնուած տեսակաւոր զոհողութիւններու կողքին, նաեւ ազգային վարժարաններուն մէջ 500 աշակերտներու կրթաթոշակը ապահովեցին:

«Մեր անսահման սէրը, մեր յարգանքն ու երախտիքը բոլոր անոնց, որոնք երբեմն իրենց սեփական կարիքները մոռնալով, լիբանանահայ կեանքի յարատեւութեան համար եւ ի սպաս հայ կրթութեան գործին, սիրով իրենց ունեցածը նուիրեցին: Թող ամենաբարին Աստուած բոլոր ծանօթ ու անծանօթ բարարարներուն կեանքը առատացնէ անմահական շնորհքներով», ըսաւ Շահէ Սրբազանը:
Նոյն օրըշ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Վահէ Յովակիմեանի եւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանին, այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետը մօտէն ծանօթացան թերթին աշխատանքներուն, հաստատեցին, որ իրենց շրջանին մէջ մեծ է թիւը «Ազդակ»ի ընթերցողներուն եւ մաղթեցին, որ «Ազդակ»ը, հակառակ երկրի դժուար պայմաններուն, վերանորոգ թափով շարունակէ սփիւռքեան մամուլի իր առաքելութիւնը: