ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի Արցախ այցելութիւնը նկատեց «երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման լրջօրէն վնասող քայլ»՝ ուղղուած «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան դէմ»:
Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ կը պնդէ, թէ հայկական կողմի «նման անպատասխանատու եւ սադրիչ քայլ»ը ցոյց կու տայ, որ Երեւան անկեղծ չէ կարգաւորման գործընթացին մէջ, եւ կը ստուերէ միջազգային միջնորդներու ջանքերը:
Յայտնենք, որ Արթուր Դաւթեան 8 Յունիսին, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի գլխաւոր դատախազ Գուրգէն Ներսիսեանի, ինչպէս նաեւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: