Ուքրանիոյ Խերսոն եւ Զափորոժիէ շրջաններու Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու բնակիչներուն Շաբաթ օրուընէ ի վեր սկսած են տրամադրել Ռուսական անցագիրներ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են նշեալ տարածքներու ղեկավարները, ըստ որոնց, ցարդ ռուսական անցագիրներ ստանալու դիմում ներկայացուցած են առաւել քան 70 հազար բնակիչներ:
Նախքան պատերազմը, Զափորոժիէի շրջանին մէջ կ՛ապրէին առաւել քան 1.6 միլիոն քաղաքացիներ:
Ուքրանիոյ իշխանութիւնները ռուսական անցագիրներ տրամադրելը կը նկատեն՝ «ռուսական քարոզարշաւի բաղադրիչ, ռուսերու հետ համագործակցող քանի մը տասնեակ դաւաճաններու մասնակցութեամբ»:
Նախապէս շարք մը ռուսական անկախ կայքեր յայտնած էին, թէ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի ռուսական վարչակարգերը մտադիր են հանրաքուէներ իրականացնել Ռուսիոյ միանալու համար:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց ծովէն արձակուած հրթիռներով Թերնոփիլ շրջանին մէջ ամերիկեան եւ եւրոպական զէնքերու մեծ պահեստանոցի մը քանդումը: Թերնոփիլ շրջանի կառավարիչը իր կարգին նշեց, որ ռուսական հրթիռային յարձակում մը թիրախ դարձուցած է Ուքրանիոյ արեւմուտքը գտնուող Չորթքիւ քաղաքը՝ քանդելով զինուորական կառոյցներ եւ պատճառելով 22 վիրաւորներ: