ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, Թուրքիոյ աջակցութիւնը յայտնելով ՆԱԹՕի բաց դռներու քաղաքականութեան՝ նշեց, որ Ռուսիա եւ ահաբեկչութիւնը ՆԱԹՕի երկու մեծագոյն սպառնալիքներն են, կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» լրատու կայքը:
«Թուրքիա միշտ աջակցած է ՆԱԹՕի բաց դռներու քաղաքականութեան: Ներկայիս կան երկու թեկնածու երկիրներ, եւ ՆԱԹՕի համար երկու ամէնէն էական սպառնալիքները Ռուսիան եւ ահաբեկչութիւնն են», Փրակի մէջ ըսաւ թուրք նախարարը եւ խնդրեց, որ այս հարցին մէջ նկատի առնել դաշինքի բոլոր մտահոգութիւնները, որովհետեւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կողմէ «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը ակնյայտ է:
Թուրքիա Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕի անդամակցելու դիմումներուն աջակցելու իբրեւ նախապայման Սթոքհոլմէն ու Հելսինքիէն պահանջած է դադրեցնել աջակցութիւնը «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններուն, արտայանձնել Անգարայի կողմէ հետախուզուող կասկածեալները եւ ջնջել Թուրքիոյ դէմ կիրարկուող զէնքի արտածման արգելքը:

Շուէտ եւ Ֆինլանտա կը փորձեն հարցին բանակցային լուծում գտնել, իսկ ՆԱԹՕի անդամ պետութիւնները վստահ են, որ Թուրքիոյ առարկութիւնները կարելի է յաղթահարել:
«Թուրքիա Ուքրանիոյ աջակցութեան ապահովման մէջ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայէն հացահատիկի արտածման վերաբերեալ լուծում գտնելուն մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի։ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մըն է, եւ մեծ ջանքով անոր հետ կ՛աշխատինք Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան շուրջ», իր կարգին յայտարարեց ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ՝ աւելցնելով. «ՆԱԹՕի դռները կը շարունակեն բաց մնալ, եւ այս քաղաքականութիւնը օգնեց մեզի ժողովրդավարութիւնը եւ ապահովութիւնը տարածելու։ Պէտք է լուծենք Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութիւններուն վերաբերեալ բոլոր մտավախութիւնները, ներառեալ Անգարայի մտահոգութիւնները»։