

Երեքշաբթի, 7 Յունիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Նազարէթ Գեւոնեանի եւ իր դստեր՝ Թամար Գեւոնեանի, որոնք եկած էին շնորհաւորելու առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ընդհանրապէս իր ծառայական գործունէութեան եւ յատկապէս «Կիլիկիա» պարբերաթերթի ճամբով հայ գիրի, դպրութեան ու քրիստոնէական արժէքներու տարածման նկատմամբ ցուցաբերած բծախնդիր վերաբերումին եւ գուրգուրանքին համար. այս առիթով, բարերար հիւրերը «Կիլիկիա» պարբերաթերթին նուիրեցին 10,000 տոլար:
««Կիլիկիա»ն շատ գեղեցիկ եւ որակաւոր հրատարակութիւն է. կը գնահատենք տարուած աշխատանքը եւ կը քաջալերենք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի կեանքին հայելին եղող այս իւրայատուկ պարբերաթերթը, որ նաեւ հայ ազգային ու եկեղեցական մեր արժէքները լոյսին կը բերէ, այլեւ հայ տուներու եւ հայոց կեանքին մէջ կը տարածէ: Յաջողութիւն Ազգային առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրներուն եւ անխափան վերելք՝ «Կիլիկիա» պարբերաթերթին», յայտնեցին բարերարները:
Առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Գեւոնեան ընտանիքի զօրակցական կեցուածքը եւ արտայայտած քաջալերական խօսքերը` դիտել տալով, որ ներկայիս մամուլի տակ է եւ նկարազարդ ու գունագեղ տպագրութեամբ շուտով լոյս կը տեսնէ «Կիլիկիա» պարբերաթերթի այս տարուան երկրորդ թիւը:
Յայտնենք, որ հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան: