ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Քաթար, ուր հանդիպում ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի, Քաթարի վարչապետ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Խալիտ պըն Խալիֆա պին Ապտուլազիզ Թանիի հետ: Հայկական կողմէ հանդիպման ներկայ էին փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան, առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան, տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան, Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան:
Հանդիպումներէն ետք ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր՝ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան եւ Քաթարի ազգային լրատուական գործակալութեան միջեւ լրատուութեան փոխանակման մասին փոխըմբռնման յուշագիր, Երեւանի եւ Տոհայի միջեւ քոյր քաղաքներու հռչակման համաձայնագիր, Քաթարի եւ Հայաստանի միջեւ կրթութեան, բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու բնագաւառին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր եւ պետական համալսարաններուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր:
Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան նաեւ առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն վերաբերող համագործակցութեան պայմանագիրներ: