Չորեքշաբթի, 8 Յունիսին, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ լայն մաշտապով ընկերային ծառայութիւններ մատուցող «Քարիթաս» միութիւնը միօրեայ համագումարով ոգեկոչեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին 25 տարիներ առաջ Լիբանան տուած հովուապետական այցելութիւնը:
Համագումարին առանցքը կազմեցին միութեան կատարած ընկերային ծառայութիւններու ընդհանուր գնահատականը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այլազան համայնքներու միջեւ գոյակցութեան ամրապնդումը եւ երկխօսութեան զարգացումը:
Համագումարին մասնակցեցան սիւննի, շիիթ, տիւրզի, ալէուի, մարոնիթ, յոյն ուղղափառ եւ կաթողիկէ, ասորի ուղղափառ ու կաթողիկոսէ, հայ հւղղափառ, ղպտի ուղղափառ եւ գաղթէական համայնքներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պետական զանազան կառոյցներէ պատուիրակներ:
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Սարգիս աբղյ. Աբրահամեան, Գէորգ աբղյ. Գարակէօզեան եւ Եզրաս աբղյ. Թէնէքէճեան:
Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ «Քարիթաս»ի պատասխանատուներէն գոյացած պատուիրակութիւն մը այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանքը եւ կաթողիկոսին փոխանցած էր «Քարիթաս»ի գործունէութեան մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ յիշեալ համագումարին պաշտօնապէս հրաւիրած էր վեհափառը: Հայրապետը բարձրօրէն գնահատած էր միութեան աշխատանքները, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ: