Կիրակի, 12 Յունիսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանի, սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի երեք ընծայարանականներէն Երուանդ կիս. Եղիայեան, Անդրանիկ կիս. Մինասեան եւ Սերժ կիս. Քիւշէրեան:
Ընծայեալները ծնկաչոք Ս. խորան բարձրանալէ ետք, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը իր աղօթքը բարձրաձնելով՝ խնդրեց, որ Աստուած երկնային իմաստութեամբ օժտէ նորօք ձեռնադրեալները, որպէսզի դառնան հաւատարիմ եւ ժրաջան ծառաները հայ եկեղեցւոյ:
Հուսկ, երգուեցաւ աշխարհէն հրաժարելու եւ ամբողջանուէր Տիրոջ նուիրուելու «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» հոգեպարար երգը, որմէ ետք ձեռնադրիչ սրբազանը ձեռնադրեալներուն Աւետարան ընթերցելու, Ս. խորանին սպասարկելու եւ Տիրոջ Ս. սեղանին խնկարկելու իշխանութիւնը շնորհեց:

Ձեռնադրութենէն ետք, սրբազանը յաւուր պատշաճի փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան, առաջին հերթին, շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, Դպրեվանքի տեսչութիւնը, միաբանութիւնը, ընծայեալներուն ծնողները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Ան իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով սարկաւագութեան անխոնջ ու նուիրական ծառայութեան՝ ըսաւ. «Դուք այսօր, այս սրբազան խորանին վրայ, Ս. Հոգւոյ շնորհքով սարկաւագութեան աստիճանին հրաւիրուեցաք ու հայ եկեղեցւոյ սրբազան բեմին ծառայելու իշխանութիւնը ստացաք: Դուք այսօր Յիսուս Քրիստոսի վկաները դարձաք, ինչպէս եղան եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագները, գլխաւորութեամբ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագին: Իմ սրտագին մաղթանքն է, որ Ս. Հոգին ձեզ մշտապէս լուսաւորէ, ձեր սիրտերուն մէջ դրոշմէ Քրիստոսի սիրոյն կնիքը եւ ձեր մէջ բռնկեցնէ հաւատքի կրակը: Ձեր ստացած Ս. Հոգիի այս մկրտութեամբ, դուք կը դառնաք ընտիր անօթները հաւատոյ եւ ծառայութեան ու ընտիր սպասաւորները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին սրբազան առաքելութեան»: Եզրափակելով իր խրատական խօսքը՝ սրբազանը յայտնեց. «Սիրելի՛ սարկաւագներ, ձեր ձախ ուսերուն կրած ուրարները մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի քաղցր լուծի եւ խաչի խորհուրդի քաղցրագոյն խորհրդանիշն է: Այս սիրոյ քաղցր լուծով դուք օրհնուեցաք ու հրաւիրուեցաք խաչի սրբազան խորհուրդով եւ հաւատքի մշտական վերանորոգումով Ս. Սեղանի ծառայութեան»:
Ս. պատարագին աւարտին, անցեալ շաբաթ կիսասարկաւագութեան եւ դպրութեան կարգ ստացած ձեռնադրեալներուն հետ միասին, նոր ընծայեալ սարկաւագները, ձեռնադրիչ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ՝ բարձրացան Վեհարան, ուր ստացան կաթողիկոսին Հայրապետական եւ հայրական օրհնութիւնը: