Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ աւանդութիւնը հաստատած է ամէն տարեվերջի, հիւրասիրութեան յատուկ երեկոյի մը ընթացքին իր երախտագիտութիւնը յայտնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի բոլոր նուիրեալներուն, որոնք առանց սակարկութեան իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն հայ երիտասարդութեան առողջ միջավայր մը ստեղծած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Երեկոն նաեւ գեղեցիկ առիթ մը կը հանդիսանայ շնորհակալութիւն յայտնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր գործակիցներուն, բարեկամներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, միաժամանակ հարազատ, անկեղծ եւ սիրալիր մթնոլորտ մը ստեղծելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի առաքելութեան հարազատ, առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Այս տարի ամանորեայ խրախճանքի այս եզակի երեկոն տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2006ի երեկոյեան, Delacey Club 41 ճաշարանը, մասնակցութեամբ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 17 մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութեանց կազմերուն, Շրջանային յանձնախումբերուն եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց գանձապահ Օշին Յարութիւնեան, որ նաեւ բացատրելով ձեռնարկին նպատակը, ամանորեայ բարեմաղթանքներով շնորհաւորեց նորընտիր վարչութեանց կազմերը:
Սեղանները օրհնեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին միշտ թիկունք կանգնող Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ըսելով. «Այնքան ատեն, որ մեր ծառայական կեանքը առողջ մթնոլորտով կը յառաջանայ եւ կ’առաջնորդուի, վստահ եղէք, որ մեր ծրագիրները յաջողութեամբ կը պսակուին: Այս իմաստով ես յատուկ կերպով կ’ուզեմ գնահատել Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը:
«Կ’ուզեմ յատկապէս շնորհաւորել իւրաքանչիւրդ ընտանեկան յարկով մէկ, աղօթելով եւ մաղթելով, որ 2007 տարին ըլլայ առաւել սիրոյ տարի մը աշխարհին համար: Խաղաղութեան ճշմարիտ ճանապարհին մէջ դնելու համար աշխարհը եւ նաեւ իւրաքանչիւրիս ընտանեկան կեանքէն ներս առաւել սիրոյ եւ առաւել առատութեան տարի մը ըլլայ. իսկ մեր համայնքային կազմակերպական, միութենական կեանքին համար ըլլայ ամէնէն յաջող տարին: Հետեւաբար օրհնեալ ըլլաք բոլորդ: Այժմէն կը շնորհաւորեմ ձեր Նոր տարին եւ նաեւ վարձքը կատար կ’ըսեմ անցեալի Շրջանային վարչութեան եւ բարի կատարելիութիւն նոր Շրջանային վարչութեան: Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ»:
Ընթրիքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Մարօ Քէշիշեան եւ առաջին հերթին ծանօթացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եղբայրներ Մհեր Դաւիթեան եւ Մանուէլ Մարսէլեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կապ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 31րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեաններ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօնիա Փելթէքեան, «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Շէրիքեան, հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ երկարամեայ հովանաւոր Վարանդ Մելքոնեան եւ այլ հիւրեր:
«Եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը գոյատեւեց Սփիւռքի մէջ եւ վերակազմակերպուեցաւ հայրենիք մէջ, որովհետեւ իր թիկունքին ունէր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը 90 տարիներէ աւելի յարատեւեց, որովհետեւ գործակցեցաւ ՀՕՄի եւ «Համազգային»ի նման ազգանուէր քոյր կազմակերպութիւններու հետ: Իսկ եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը անսահման յաջողութիւններ եւ նուաճումներ արձանագրեց, որովհետեւ իր շարքերուն մէջ ձեզի նման նուիրեալ եւ հաւատաւոր միութենականներ ունէր», ընդգծեց Մ. Քէշիշեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք հաւատքով կը մօտենան Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ նուիրումով կը գործեն անոր շարքերուն մէջ:
Ապա, ան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, բարեբեր տարի մը մաղթելով հոլորին: Նաեւ առիթը պատեհ նկատելով, ներկաներուն ծանօթացուց նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմը. Սթիւ Արթինեան (ատենապետ), Օշին Յարութիւնեան, Յովիկ Պետեւեան, Սալբի Ճէճէեան, Զարեհ Մովսէսեան, Ժանօ Գահվէճեան, Անօ Մանսուրեան, Խաչիկ Խալաթեան, Պերճ Պետոյեան, Րաֆֆի Խաչատուրեան եւ Մարօ Քէշիշեան:
Այնուհետեւ, ամանորեայ խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
Ուշ գիշերին, ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, 2007ը առաւել գօտեպնդուած եւ նորանոր նուաճումներու ակնկալութեամբ դիմաւորելու հեռանկարով:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ: