ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլ սպառնաց ռմբակոծել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պալատներէն մէկը, եթէ ան չդադրեցնէ կամ չնուազեցնէ երկրին տարածքին մէջ Իրանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը, կը գրէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Էլաֆ» լրատու կայքին:
Ըստ իսրայէլեան բարձրաստիճան զինուորական աղբիւրի մը՝ Թել Աւիւ Ասատը նախազգուշացուցած է, որ իր երկրին մէջ Իրանի ռազմական գործողութիւնները ծածուկ պահելու փորձերը եւ զէնքերու փոխանցումը կրնայ յանգեցնել Սուրիոյ նախագահին համար իր պալատներէն մէկուն կորուստին:
Տեղեկութիւնը պաշտօնապէս չհաստատուեցաւ:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ ենթադրեալ սպառնալիքը բացայայտուեցաւ Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսի միջազգային օդակայանի ռմբակոծումէն քանի մը օր ետք: Ըստ լրատուամիջոցին՝ Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է Իրանի կողմէ քաղաքացիական օդանաւերով Սուրիա ուղարկուած իրանեան արդիական զինատեսակներու բեռներ: