ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սպիտակ տունը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 13-16 Յուլիսին Միջին Արեւելք պիտի այցելէ, ամրապնդելու համար Իսրայէլի ապահովութեան ու բարգաւաճման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը եւ Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Յորդանանի կողքին ներկայ գտնուելու՝ Ծոցի համագործակցութեան վեհաժողովին:
Նախքան այդ, սէուտական արքունիքը յայտարարած էր, որ Պայտըն 15-16 Յուլիսին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ Սէուտ թագաւորին հրաւէրով, եւ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները եւ իւրայատուկ ռազմավարական գործընկերութիւնը ամրապնդելու համար պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Սէուտական Արաբիա։ Այդ այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Սալման թագաւորին եւ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանին հետ` քննարկելու համար երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ գործակցութեան տարբեր երեսները եւ տարածաշրջանին ու աշխարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրները դիմակայելու կարելիութիւնները:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այցելութեան երկրորդ օրը Պայտըն ներկայ պիտի գտնուի Սալման թագաւորի, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի, երկիրներու ղեկավարներուն, Յորդանանի թագաւորին, Եգիպտոսի նախագահին, Իրաքի վարչապետին եւ այլ արաբական երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ նախատեսուած վեհաժողովին:
Յիշեցնենք, որ Պայտըն 2018ին խստօրէն դատապարտած էր այլախոհ սէուտցի լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը, որուն մեղսակից կը նկատուի Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանը։ Այդ պատճառով, շատեր իշխանին հետ հանդիպելու Պայտընի որոշումը անտեղի զիջում մը կը նկատեն։