10 Սեպտեմբեր 10 2006ին, Նիւ Ճըրզիի Հայ օգնութեան՝ «Սպիտակ», «Ակնունի», «Շաքէ» եւ «Պըրթըն Քաունթի» մասնաճիւղերը կազմակերպեցին թէյասեղան մը ի պատասխան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հրատապ կոչին, Լիբանանի պատերազմին հետեւանքով ծանր վիճակի մատնուած հայութեան օգնութեան հասնելու համար:
1975ին սկսած պատերազմին տագնապալից տարիներէն վերջ ուրախ էինք լսելով Լիբանանի վերականգնման եւ կեանքին հետզհետէ աւելի բնական ընթացքի մը մէջ ըլլալուն մասին: Ժողովուրդին առօրեան իր հունին մէջ մտած ըլլալ կը թուէր: Բայց ահա, անգամ մը եւս քաղաքականութեան խաղերուն զոհ կ’երթար Միջին Արեւելքի «գոհարը», փոքրիկ Լիբանանը:
Թէյասեղանին ներկայ էր կոկիկ բազմութիւն մը, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընկերուհիներու պատրաստած առատ եւ համեղ հիւրասիրութեան սեղանն ու որակաւոր յայտագիրը վայելեց:
Նիւ Ճըրզիի «Սպիտակ» մասնաճիւղէն ընկ. Զուարթ Պալըքճեան իր բացման հակիրճ խօսքերէն վերջ բեմ հրաւիրեց համայնքիս մէջ ծանօթ ու սիրուած երգիչ՝ պրն. Վարուժան Վարդանեանը, երգելու հայկական եւ ամերիկեան հիմները: Իսկ Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի ընկերուհի Սիլվա Գույումճեանը երգեց ՀՕՄի քայլերգը:
Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուելու հրաւիրուած էր ՀՕՄի Արեւելեան Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Միմի Բարսեղեանը: Ընկհ. Միմի միջոց մը «Նշան Փալանճեան» ճեմարան յաճախած ըլլալով ապրած էր Լիբանան ու մօտէն ծանօթ ըլլալով թէ՛ քաղաքին եւ թէ համայնքին, չափազանց զգացուած էր ի տես պատերազմի գործած աւերին: Ինք խօսեցաւ ՀՕՄի Ամերիկայի մէջ ունեցած ծրագիրներուն եւ գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ «Քաթրինա»ի աղէտեալներուն ՀՕՄի բերած օգնութեան ու ներկայիս Լիբանանի պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած կարիքներուն հասնելու պահանջքին ընդառաջելու մասին: Ընկհ.ին շարունակեց ըսելով, թէ թէեւ Լիբանանի մէջ ՀՕՄը չափազանց գործօն եւ ուժականութիւն ունեցող կազմակերպութիւն մըն է, սակայն աղէտին ստեղծած պէտքերուն ծաւալը միայն տեղական ջանքերով կարելի չէ փակել: Ամերիկայի ՀՕՄի մասնաճիւղերը միշտ կրցած են ստեղծել աղբիւրներ ուր որ պահանջքը ներկայացած է:
Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Յովնան քհնյ. Պօզոյեանի սեղանօրհնութեամբ հիւրերը հիւրասիրուելէ վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ օր. Լոռի Տապաղեանի «Ճիչեր դեռ ականջիս» բանաստեղծութեան ասմունքով, գրուած Հայկ Պապիկեանի կողմէ եւ նուիրուած Լիբանանի մէջ ազատութեան համար զոհուած մարտիկներուն:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի գործավար ընկ. Ժիրայր Պէօճէքեան: Ան առաջին կարգին ընդգծեց, որ ինք իր հայկականութիւնը որքան ծնողքին կը պարտի, նոյնքան մըն ալ կը պարտի Լիբանանի հայ գաղութին ու այնտեղի հայեցի հարազատ մթնոլորտին, սկսելով հայկական վարժարաններէն, կուսակցական-միութենական աշխատանքի հեւքէն մինչեւ Լիբանանի հայկական թաղամասերու վաճառատուները կամ միեւնոյն թաղերու անկիւններուն կանգնած համեստ անհատները: Ան շեշտեց, որ հակառակ քաղաքացիական պատերազմին, Լիբանանի հայ գաղութը կը շարունակէ մնալ Սփիւռքի կարեւորագոյն օճախներէն մէկը:
Ապա ան արագ ակնարկով մը ներկայացուց իսրայէլեան յարձակումներու ընթացքին Լիբանանի հայ գաղութին ապրած իրավիճակը, որ թէեւ զինուորական գործողութիւններու ուղղակի թիրախ չէր դարձած, սակայն տասնեակ հազարաւոր տեղահանեալներու ապաստան տուած էր: Պէօճէքեան ծանրացաւ այն իրողութեան վրայ, որ Լիբանանի դիմագրաւած արդէն իսկ տնտեսական սուր տագնապը շատ աւելի ծանրացած էր իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով, եւ այս երեւոյթը սկսած է արդէն ծանր ճնշել Լիբանանի հայ գաղութին վրայ եւ գաղութի ղեկավարութեան հիմնական մտահոգութիւնը դպրոցական յառաջիկայ տարեշրջանն է, որուն բնականոն եւ հեզասահ ընթացքը ապահովելու համար նիւթական օժանդակութեան լուրջ կարիք կը զգացուի:
Իր խօսքի վերջին բաժինով բանախօսը անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տեղակայուելիք խաղաղապահ ուժերու Թուրքիոյ մասնակցութեան եւ մանրամասնեց այդ երեւոյթի ներկայացուցած քաղաքական եւ ապահովական վտանգը:
Բանախօսութեան յաջորդեց երկու կարճ երիզներու ցուցադրութիւն, որոնց առաջինը կը ներկայացնէր Լիբանանի հայ գաղութի կազմակերպած օժանդակութեան աշխատանքները, երկրորդը՝ Լիբանանի հայութեան կազմակերպած ցոյցը՝ բողոքելու համար թրքական ուժերու ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն մասնակցութեան դէմ:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ օր. Շարիս Այազեանի երաժշտական ելոյթով եւ աւարտեցաւ ընկհ. Զուարթ Պալըքճեանի մէկ ասմունքով:
Տեղւոյն վրայ կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններով գոյացաւ աւելի քան $10,000 գումար մը: