ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, այցելեց Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունին:
Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Աուն շեշտեց Լիբանանի ջուրերուն եւ անոնց մէջ գտնուող բնական հարստութիւններուն առումով Լիբանանի գերիշխանական իրաւունքը եւ Հոքշթայնին ներկայացուց Լիբանանի պատասխանը՝ ամիս մը առաջ ստացուած ամերիկեան առաջարկին:
Աուն ամերիկացի բանագնացէն պահանջեց կարելի եղածին չափ արագ վերադառնալ Լիբանան՝ իրեն հետ ունենալով իսրայէլեան կողմի պատասխանը:
Հոքշթայն խոստացաւ այդ մասին քննարկումներ կատարել իսրայէլեան կողմին հետ՝ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ:
Հոքշթայն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի հետ, որմէ ետք, «Հուրրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ աւետիսը այն է, որ իր ներկայացուցած առաջարկին մասին լիբանանեան համախոհութիւն շօշափած է՝ աւելցնելով, որ Լիբանան ներկայացուցած է այնպիսի միտքեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել բանակցութիւնները շարունակելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու:
Հոքշթայն նախընտրեց լուռ մնալ եւ չբացայայտել լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուած միտքերը եւ առաջարկները՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւնները կը գտնուին գերզգայուն փուլի մը մէջ: «Կը կարծեմ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումին շուրջ համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է զոյգ երկիրներուն համար: Նախքան ստացած առաջարկներուս բացայայտումը, զանոնք պիտի ներկայացնեմ իսրայէլեան կողմին, եւ ըստ այնմ պիտի շարունակենք առանցքը», հաստատեց Հոքշթայն: