ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ատրպէյճանի Ձիավարժութեան ընկերակցութեան նախագահ Էլչին Կուլիեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 16 Մայիսին Անգլիոյ թագուհիին նուիրած է «ղարաբաղեան հազուագիւտ նժոյգ»՝ «Շոհրաթ» (փառք) անունով, իբրեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ «ընծայ»:
Ատրպէյճան հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու Նորին Մեծութեան գահակալման Փլաթինեան յոբելեանի տօնակատարութիւններուն: 12-15 Մայիսին, Ուինծըրի թագաւորական ձիերու հանդիսութեան մասնակցողներու շարքին էին ատրպէյճանական հեծելազօրքի ջոկատը եւ սահմանապահ ծառայութեան պարային խումբը՝ ազգային տարազով, որոնք ներկայացուցին «Հրոյ երկիր» խորագիրով յայտագիրը: 2012էն ի վեր, Ատրպէյճան կը մասնակցի այս հանդիսութեան:
96ամեայ Էլիզապէթ Բ. թագուհին, շարժողականութեան խնդիրներու պատճառով ձեռնափայտը ձեռքին, սպասած է Ուինծըրի ամրոցին բակը, որպէսզի անձամբ ընդունի Ատրպէյճանի «նուէրը»: Միապետը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին սիրած է ձիերը, ըսած է, որ այդ մէկը «շատ սիրալիր, շատ առատաձեռն» վարմունք է: Վերջերս, աճուրդի մը մէջ նման ձի մը ծախուած է 17 հազար տոլարով: Թագուհիին նուիրած են նաեւ ձիերու երկու քանդակներ, զորս պատրաստած էր ատրպէյճանցի քանդակագործ Ֆայիք Հաճիեւ: Հետաքրքրական է, որ Խորհրդային Միութեան Կոմկուսի առաջին քարտուղար Նիքիթա Խրուշչով, 1956ին, Մեծն Բրիտանիա կատարած այցելութեան ընթացքին, ան եւս Էլիզապէթ Բ. թագուհիին նուիրած էր «ղարաբաղեան նժոյգ»՝ «Զաման» անունով:
Չթաքցնելով թագուհիին ընծայուած ատրպէյճանական «նուէր»ի քարոզչական արժէքը՝ Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան մամլոյ կեդրոնը, պատմական փաստերը ակնյայտ խեղաթիւրելով՝ բացայայտ յայտարարած է, որ Մեծն Բրիտանիոյ ձիերու հանդէսը «չափազանց կարեւոր բեմ դարձած է ատրպէյճանական հնագոյն եւ եզակի մշակոյթը ծանուցելու համար»:
Այսուամենայնիւ, ատրպէյճանական քարոզչութիւնը հակառակ արդիւնքի յանգեցաւ, երբ «Գաղտնազերծուած Մեծն Բրիտանիա» կայքի գլխաւոր լրագրող Ֆիլ Միլըր քննադատական խիստ յօդուած մը գրեց՝ «Բարկացնող է, որ թագուհին «առատաձեռն» նուէր կը ստանայ բռնապետէն» վերնագիրով: Յօդուածը կը սկսի այսպէս. «Մինչ թագուհին կը նշէ Փլաթինեան իր յոբելեանը, ան կը բախի յորդորներու՝ վերադարձնելու այն նժոյգը, զոր վերջերս ստացած է բռնապետական վարչակարգէն. երրորդ բռնակալութիւնը, որմէ ան այսպիսի նուէր մը ընդունած է»:
«Հանրապետութիւն խումբը, որ կը փափաքի ջնջել միապետութիւնը եւ զայն փոխարինել ընտրուած պետութեան ղեկավարով, քննադատած է թագուհին՝ իր մտերիմ յարաբերութիւններուն համար, եւ որ ան ձիեր կը ստանայ բռնապետութիւններէ», կը յայտնէ Միլըր:
Հանրապետութիւն խումբի խօսնակ Կրեհըմ Սմիթ ըսած է «Գաղտնազերծուած Մեծն Բրիտանիոյ». «Բրիտանական պետութեան ղեկավարին համար այնքան ալ լաւ բան չէ նման յարաբերութիւններ ունենալ այնպիսի մարդոց հետ, որոնք շատ կասկածելի ձեռքբերումներ ունին իրենց պաշտօնին բերումով եւ կը ճնշեն իրենց սեփական ժողովուրդը: Կը կարծեմ, որ տհաճ բան է այս, բան մը, զոր ուրիշ պետութեան մը ղեկավարը ինքնիրեն թոյլ պիտի չտար ընել: Ես կը զարմանամ, որ կառավարութիւնը խորհուրդ չէ տուած անոր՝ մերժել այսպիսի նուէրներ, բայց կ՛ենթադրեմ, որ պատճառը այն է, որով ան մեծապէս գրաւուած է՝ ձիարշաւը: Կը կարծեմ՝ լաւագոյն բանը, զոր ան կրնար ընել, նուէրները վերադարձնելն էր եւ խնդրել, որ հետագային այլեւս նման բան չառաջարկեն իրեն»:
Միլըր աւելցուցած է. «Ալիեւներու ընտանեկան ցանցը մեծապէս կը մեղադրուի պետական միջոցներու իւրացման եւ Լոնտոնի մէջ աւելի քան 500 միլիոն տոլարի սեփականութիւն ձեռք բերելու մէջ, եւ անոնցմէ մէկը ծախուած է թագուհիին ունեցած կալուածին՝ 82 միլիոն տոլար արժողութեամբ գործարքով»:
Միլըր մեջբերած է վտարանդի ատրպէյճանցի լրագրող Արզու Կէյպուլաեւան. «Նախագահ Իլհամ Ալիեւ ոչ միայն յայտնի է իր մենատիրական ղեկավարութեամբ, այլեւ ան յաջողութեամբ կրցած է փճացնել կառավարման ամբողջ համակարգը՝ կամակատարներ, սակաւապետներ (oligarchs) եւ ընտանիքի անդամները տեղաւորելով ղեկավար բարձրագոյն պաշտօններու վրայ»:
2 Յունիսին, Բրիտանական Համագործակցութեան չորս երկիրներուն՝ Աւստրալիոյ, Գանատայի, Նիւ Զելանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի յանձնախումբերը միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած են՝ «Ձերդ մեծութի՛ւն, զգուշացէք ընծաներ բերող բռնապետներէ» վերնագիրով: Հայ Դատի յանձնախումբերը ըսած են, որ Ատրպէյճան կը փորձէ
«ճամբայ բանալ՝ մաքրելու համար իր սարսափելի հեղինակութիւնը մարդկային իրաւունքներու ոլորտին մէջ»: Հայ Դատի յանձնախումբերը վերոնշեալ նուէրը կոչած են՝ «Ատրպէյճանի մենատիրական վարչակարգի՝ իր թերութիւնները դրական լոյսի տակ ներկայացնելու լկտի վերջին փորձերէն մէկը»: Միացեալ յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի, որ «իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ հետեւողականօրէն բացայայտած են Ատրպէյճանի կողմէ խաւիարային դիւանագիտութեան օգտագործումը՝ կաշառակերութեան շարք մը գայթակղութիւններու մէջ, ուր պարզուած է, որ անոնք կը վճարեն՝ միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ իրենց երկրի հեղինակութիւնը բարձրացնելու համար»:
Հայ Դատի չորս յանձնախումբերը յիշեցուցած են, որ «2012ին, նախագահ Ալիեւ դարձած է «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի տարուան մարդ» մրցանակի անդրանիկ յաղթողը, որ կը շնորհուի Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան հաղորդման նախագիծին (OCCRP) կողմէ»: Հայ Դատի յանձնախումբերը ահազանգեցին թագուհիին այն մասին, թէ «Freedom House-ը Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու վիճակը ամփոփած է հետեւեալ ձեւով. «Ատրպէյճանի մենատիրական վարչակարգին բերումով, իշխանութիւնը 2003էն ի վեր կը շարունակէ կեդրոնացած ըլլալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր մեծ ընտանիքին ձեռքը»: Կաշառակերութիւնը համատարած բնոյթ կը կրէ, իսկ քաղաքական պաշտօնական ընդդիմութիւնը թուլցած է՝ տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած հալածանքներուն պատճառով: Վերջին տարիներուն իշխանութիւնները մեծ ճնշում գործադրած են քաղաքացիական ազատութիւններու դէմ՝ չնչին տեղ մը ձգելով ազատ արտայայտուելու կամ աշխուժութեան համար»:
«Մենք կասկած իսկ չունինք, որ նուէրը դիտաւորեալ եւ նպատակաուղղուած գործողութիւն է ատրպէյճանական վարչակարգին կողմէ՝ փառաբանելու ի՛ր իսկ ռազմական յանցագործութիւնները եւ հոգեբանական վնաս պատճառելու համար հայերուն՝ թէ՛ Համագործակցութեան երկիրներուն մէջ եւ թէ Արցախի մէջ՝ իրենց նախնիներուն հայրենիքը, ուր անոնք կանգնած են գոյատեւման վտանգի առաջ եւ ականատես են, թէ ինչպէս իրենց նախնիներու հայրենիքէն որոշ հատուածներ բռնագրաւուած եւ ցեղային զտման ենթարկուած են օտար բռնապետութեան կողմէ», յայտարարեց Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Անեթ Մոսկոֆեան:
«Մենք վստահ ենք, որ վերոնշեալին մասին լիովին տեղեկացուած ըլլալէ ետք, Նորին Մեծութիւնը պէտք է իրաւացիօրէն վերատեսութեան ենթարկէ այս «նուէր»ը ընդունելու հարցը եւ մերժէ Ատրպէյճանի բացայայտ ու ստոր խաւիարային դիւանագիտութիւնը», իր կարգին աւելցուց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան:
Քիչ հաւանական է, որ թագուհին վերադարձնէ Ատրպէյճանի նուիրած նժոյգը, այնքան ատեն, որ բրիտանական հանրութիւնը ճնշում չի գործադրեր իր կառավարութեան վրայ՝ ըսելով, որ այս «նուէր»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գռեհիկ կաշառք՝ արդարացնելու համար Ալիեւի վարչակազմին յանցագործութիւնները՝ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդներուն դէմ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ