ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ Եւրոմիութեան նորագոյն տեղեկագիրը, որ պէտք է հրապարակուէր Նոյեմբեր 8ին, արդէն իսկ մասամբ թրքական մամուլին ձեռքը անցած է եւ դիտել կը տրուի, որ այս տեղեկագրին մէջ եւս մօտաւորապէս կը կրկնուին բոլոր այն տեսակէտներն ու պահանջները, որոնք կային նախորդ տեղեկագրին մէջ։
Կ’ըսուի, թէ այս անգամ տեղեկագիրը աւելի կարճ պիտի ըլլայ ու հոն յատուկ կարեւորութեամբ պիտի ընդգծուի Թուրքիոյ մէջ զինուորականներուն դիրքը եւ քաղաքական կեանքէ ներս անոնց ունեցած դերակատարութեան հարցը: Այս մարզէն ներս միակ յառաջդիմութիւնը, որ արձանագրուած է, այն է, թէ զինուորական դատարանները այլեւս չեն կրնար դատել քաղաքայինները։ Ատկէ դուրս, Եւրոմիութիւնը շատ մտահոգ է, որ զինուորականները քաղաքական հարցերու շուրջ յայտարարութիւններ կ’ընեն։
Եւրոմիութեան տեղեկագիրը դիտել կու տայ, որ զինուորականները միայն կառավարութեան արտօնութեամբ պէտք է արտայայտուին, եւ այդ ալ՝ բացառապէս զինուորական եւ երկրի պաշտպանութեան նիւթերու մասին։ Նաեւ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ «Ազգային ապահովութեան հռչակագիր»ը գաղտնի կը պահուի եւ անոր մասին կարելի չէ վիճաբանիլ խորհրդարանին մէջ, մինչդեռ երկրի ապահովութեան ռազմավարութեան մէջ քաղաքայիններն են, որ ըստ Եւրոմիութեան, առաջնորդող դեր պէտք է ունենան։
Տեղեկագիրը կը նշէ, որ որոշ յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է իրաւական մարզէ ներս, բայց տակաւին կարգ մը օրէնքներ որոշ շփոթի ու խառնակութիւններու տեղի կու տան։ Այս մասին գլխաւոր ակնարկութիւնը կ՚երթայ քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածին, որ կը կաշկանդէ արտայայտութեան ազատութիւնը։ Ասոր իբրեւ օրինակ ցոյց կը տրուի Հրանդ Տինքի դէմ բացուած դատը եւ կը պնդուի, որ այս օրէնքը երկրին մէջ կը ստեղծէ ինքնագրաքննութեան մթնոլորտ մը։
Տեղեկագիրը կը դժգոհի, որ յունական որբանոցին հարցը չէ լուծուած, Հէյպէլիի յունական դպրեվանքը չէ բացուած, յոյներու պատրիարքին Տիեզերական պատրիարք ըլլալու հանգամանքը տակաւին չէ ճանչցուած։
Հոն նաեւ նշուած է, թէ երկրին մէջ տակաւին կան խմբակներ, որոնք պէտք է ընդունուին իբրեւ փոքրամասնութիւններ:
Միաժամանակ դիտել կը տրուի, որ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան չէ ներկայացուցած քիւրտերու մասին իր խոստացած նոր ռազմավարութիւնը: