Ըստ Jnews.ge-՝ Թիֆլիսի Մթածմինտա թաղամասին մէջ, փողոց մը այժմ կը կրէ ականաւոր բեմադրիչ, սենարիստ եւ նկարիչ Սերգէյ Փարաճանովի անունը:
Փողոցի բացման ներկայ եղած են Թիֆլիսի Սակրեպուլոյի պատգամաւորներ, արուեստի ներկայացուցիչներ, Փարաջանովի ընկերները եւ հարազատները։
Փողոցին մէջ տեղադրուած է հասցէին ցուցանակը։ Մթածմինդայի փողոցներէն մէկը՝ Կոտէ Մեսխի նրբանցքը՝ համանուն փողոցին հարեւանութեամբ, ուր ան ծնած եւ մեծցած է, անուանակոչուած է Փարաջանովի անունով։