ՊԱԼ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ կայացած արհեստավարժ թենիսի «Տաւիտոֆ» մրցաշարքի քառորդ աւարտականին մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27ի երեկոյեան անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Զուիցերիոյ թիւ 2 թենիսմէնէն, Սթանիսլաւ Վաւրինքայէն, 6-7 (7-9), 2-6 արդիւնքով եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն, որուն տիտղոսին տիրացած է 2002ին:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան (ձախին) մրցումէն ետք կը ձեռնուի Վաւրինքայի հետ: