ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահը 28 Յունիսին իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեց Արցախի ապագան։ Այս լուրը հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու գրասենեակը` միաժամանակ ափսոսանք յայտնելով, որ ռուս համանախագահը հրաւէրը չէ ընդունած։
«Կ՛ակնկալենք, որ Մինսքի խումբը պիտի շարունակէ աշխատանքը», նշուեց գրասենեակը մէջ:
Վերջին շրջանին, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի գործունէութեան վերաբերեալ հակասական յայտարարութիւններ կը կատարեն Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները` զիրար մեղադրելով խումբի աշխատանքները վտանգելուն մէջ:
Հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 28 Յունիսի եւ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնականին 20 Յունիսի յայտարարութիւններուն՝ որ Ամերիկա պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Մոսկուայի հետ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը 24 Յունիսին Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ համանախագահութիւնը դադրեցուցած է աշխատանքը` ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ:
Լաւրովի այս յայտարարութիւնը 27 Յունիսին տարօրինակ նկատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով, որ ինք եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այլ բան արձանագրած են 19 Ապրիլի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
«Ի՞նչ է գրուած այդ յայտարարութեան մէջ, եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճանում, 24րդ կէտում գրուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման շուրջ պէտք է համագործակցենք, պէտք է օգտագործենք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան պոտենցիալը (հնարաւորութիւնը), նրա միջազգային մանդատին (յանձնառութեան) համապատասխան: Սա Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտօնական տեսակէտն է, որը արձանագրուած է թղթի վրայ, եւ կարծում եմ, որ պէտք է այս հակասութիւնը պարզաբանուի, չնայած պարզաբանելու բան, մեծ հաշուով, չկայ, որովհետեւ ընդունուել է համատեղ յայտարարութիւն», ըսաւ Փաշինեան։
Գոյութիւն ունի՞ արդեօք ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, ըստ Փաշինեանի, խումբի համանախագահ երեք երկիրները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը: «Մինսկի խմբի համանախագահող երեք երկիր կայ եւ այդ համանախագահող երեք երկրներն էլ վերահաստատել են իրենց յանձնառութիւնը` Ռուսաստանն, ասացի, համատեղ յայտարարութեան ֆորմատով (ձեւաչափով), Ֆրանսիան մի քանի անգամ այդ մասին յայտարարել է, Միացեալ Նահանգները մի քանի անգամ է այդ մասին յայտարարել, եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը չի յայտարարել իր չգոյութեան մասին: Մինսկի խմբի համանախագահող երկրների հետ մենք արձանագրել ենք, որ Մինսկի խումբը կայ ու Մինսկի խմբի միջազգային մանդատը կայ: Հիմա էդ մանդատի շուրջ գործող ով ում հետ ինչ բանավէճ ունի, դա ուրիշ թեմա է»:
ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի մասին 27 Յունիսին Աթէնքի մէջ խօսեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` Յունաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Ան շեշտեց, որ Արցախի տագնապի լուծման խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելուն մէջ կարեւոր է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հիմնարար միջնորդական դերը:
Մինչդեռ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պարբերաբար կը յայտարարէ, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբ այլեւս գոյութիւն չունի: