ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ Միացեալ Նահանգները նոր համանախագահ ունի:
«Ինչպէս պաշտօնապէս տեղեկացուցած ենք ներգրաւուած բոլոր կողմերուն, ներկայիս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ Միացեալ Նահանգներու համանախագահը Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերու գրասենեակի տնօրէն Լորա Հոչլան է», տեղեկացուցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.