ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Զինուած ուժերը կը յայտարարեն, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք դադրեցուած է հայաստանցի ժամկէտային զինուորներու` Արցախ զօրակոչը: Վերջին անգամ 2020ի ամրան Հայաստանէն պարտադիր ժամկէտայիններ մեկնեցան Արցախ եւ անոնք շուտով կ՛աւարտեն իրենց ծառայութիւնը:
Ընդհանուր հրամանատարի անձնակազմի կառավարման ընդհանուր վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Սահակ Սահակեան 28 Յունիսին Երեւանի մէջ զօրակոչին ընթացքին ըսաւ, որ որոշում կայ Արցախ անցընել միայն պայմանագրային ծառայութեան:
«Ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմից որոշում է կայացուել` Արցախում ծառայութիւն իրականացւում է այս պահին պայմանագրային զինծառայողներով: Մեր վերջին զօրակոչը` 2020 թուականի ամրան զօրակոչը ժամկէտային Յուլիսի 1ից կը զօրացրուի, մինչեւ Օգոստոսի 30ը այլեւս Արցախում չենք ունենայ ժամկէտային զինծառայողներ», նշեց Սահակեան՝ աւելցնելով, որ փոխարէնը Արցախի մէջ ծառայութեան գրաւչութեան համար մշակուած է ծրար մը, որ պայմանագրայինները մեկնին ծառայութեան, ընդ որում, խօսքը հիմնականին մէջ արցախցիներուն մասին է:
«Ներդրուած է փաթեթը, ըստ դրա, պայմանագրային զինծառայողները համալրում են ամբողջ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի թափուր հաստիքները, հիմնականում Արցախի ռեսուրսից (միջոցներէն) համալրւում են պայմանագրային զինծառայողներով: Մենք այնտեղ չունենք սահմանում, ներքին ծառայութեան մէջ խնդիրներ, որ չունենանք բաւարար քանակի զօրք», ըսաւ Սահակեան: