Մատրիտի մէջ գումարուած ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովի լուսանցքին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը, կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Էրտողան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ՆԱԹՕն ամրապնդելու քայլերը կը նպաստեն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան լուծման։ Էրտողան նաեւ նշեց, որ Թուրքիա կը ջանայ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան միջոցով լուծել Ուքրանիայէն հացահատիկ արտածելու միջանցք մը հաստատելու հարցը։
Իր կարգին, Պայտըն շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին ուքրանական հացահատիկի արտածումը ապահովելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕին անդամակցելու դիմումներուն զօրակցելու որոշումին համար։
Սակայն, վեհաժողովի վերջին օրը, Էրտողան ազդարարեց, թէ Անգարա կրնայ արգելակել Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան գործընթացը, եթէ «երկու երկիրները չկարենան ամբողջութեամբ արդարացնել Թուրքիոյ ակնկալիքները»։
Ան ընդգծեց Թուրքիոյ պահանջը, որ Շուէտ եւ Ֆինլանտա Անգարայի յանձնեն ահաբեկչութեան մէջ կասկածուողները, որոնք կապ ունին քրտական խմբաւորումներու կամ Կիւլէնի շարժման։
Էրտողան աւելցուց, որ եթէ երկու սքանտինաւեան երկիրները ետ կանգնին իրենց խոստումներէն, Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի չվաւերացնէ գործարքը։
ՆԱԹՕին անդամակցութիւնը պէտք է պաշտօնապէս հաստատեն բոլոր 30 անդամ երկիրներու խորհրդարանները, ինչ որ իւրաքանչիւրին վեթոյի իրաւունք կու տայ։
Էրտողան նախապէս ըսած էր, որ Շուէտ խոստացած է Թուրքիոյ արտայանձնել 73 «ահաբեկիչ»ներ եւ դադրեցնել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նիւթական աջակցութիւնները։