Համա-ՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերուն սկիզբէն երեք շաբաթ առաջ պատրաստութիւնները արդէն իսկ ամբողջացած են` 20-30 Յուլիս 2022ին, Հայաստանի մէջ յիշատակելի մարզախաղեր կատարելու համար. յստակացած են մարզախաղերուն մասնակցող 20 պատուիրակութիւնները` 19ը ՀՄԸՄական շրջաններ եւ Թեհրանի ՀՄԱԿը: Կատարուած է նաեւ հաւաքական մարզախաղերու մրցումներու առցանց վիճակաձգութիւնը, ինչպէս նաեւ ճշդուած են մրցակից խումբերը:
Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը 41 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յայտագիրի վրայ ունին 12 մարզախաղեր. ֆութպոլ, ֆութսալ, պասքէթպոլ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, թենիս, աթլեթ, ճատրակ, լող, կոլֆ, ծովափի վոլիպոլ եւ 3×3 պասքէթպոլ:
Վերջին երեք մարզախաղերը կը կիրարկուին առաջին անգամ ըլլալով: Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով յայտագիրի վրայ են յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու եւ երիտասարդներու մարզախաղեր` «Հրաշք» անունով:
Յատկանշական է, որ այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին ՀՄԸՄի Արցախի, Թիֆլիսի, Ամմանի, Միւնիխի եւ Սթոքհոլմի շրջանները:
Մարզախաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը պիտի կատարուի 22 Յուլիսին` «Հայ մարզիկի օր»ը, հրապարակային մեծաշուք հանդիսութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն պիտի սփռուի ընկերային ցանցերով: Ուղղակի պիտի սփռուին նաեւ մարզախաղերուն մասնակցողներուն՝ Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր այցելութիւնները, աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Մարզախաղերուն մասնակցելու համար Հայաստան պիտի այցելեն 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, մարզիչներ եւ մարզական պատասխանատուներ: Անոնց կողքին, յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանիներ եւ երիտասարդներ պիտի կատարեն «Հրաշք» խաղերը եւ պիտի մասնակցին պաշտօնական բացման հանդիսութեան:
Ստորեւ` հաւաքական մարզախաղերու մասնակցող շրջաններու ընդհանուր պատկերը.
ՊԱՍՔէԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (1)
2.- Լիբանան
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
4.- Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (2)
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (1)
2.- Աւստրալիա
3.- Սուրիա
4.- Թեհրանի ՀՄԱԿ
ՊԱՍՔԵԷԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Աւստրալիա (1)
2.- Աւստրալիա (2)
3.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (1)
4.- Լիբանան
5.- Սուրիա
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (1)
2.- Աւստրալիա
3.- Թիֆլիս
4.- Հարաւային Ամերիկա
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Երուսաղէմ
2.- ՀՄԸՄ-Ֆրանս
3.- Սուրիա
4.- Լոնտոն
ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Հարաւային Ամերիկա
2.- Արցախ
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
4.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Լիբանան
2.- Մարսէյ (2)
3.- Սթոքհոլմ
4.- Սուրիա
5.- Երուսաղէմ
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Հարաւային Ամերիկա
2.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
3.- Գանատա
4.- Աւստրալիա
5.- Մարսէյ (1)
ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Աւստրալիա
2.- Հարաւային Ամերիկա
3.- Գանատա
4.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3×3 ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
2.- Լիբանան
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
4.- Լոնտոն
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (3)
2.- Գանատա
3.- Սուրիա
4.- ՀՄԸՄ-Ֆրանս
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3×3 ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Լիբանան (1)
2.- Լիբանան (2)
3.- Սուրիա
ԾՈՎԱՓԻ ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Գանատա
2.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
3.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
4.- ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (3)
Անհատական մարզախաղերու պարագային, շրջաններու մասնակցութեան պատկերը կը պարզէ հետեւեալը.
Աթլէթ.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Արցախ եւ Լոնտոն:
Թենիս.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:
Փինկ–փոնկ.- ՀՄԸՄ-Ֆրանս, Պաղտատ, Սթոքհոլմ, Գանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Արցախ, Թիֆլիս:
Լող.- Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա, Լոնտոն:
Ճատրակ.- Պաղտատ, Միւնիխ, Գանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Թիֆլիս, Լոնտոն, Սուրիա:
Կոլֆ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ: