
«Դիմադրութիւն» շարժման հետեւողները 4 Յուլիսին հաւաքուեցան Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկի այգիին մէջ, ապա երթով ուղղուեցան դէպի Եւրոպական Միութեան գրասենեակը՝ բարձրացնելով քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան, հիմնաւորելով ցոյցին նպատակը՝ դիտել տուաւ, թէ կարեւոր է այն, որ դատական համակարգը այլեւս չունի ջհանգիրեանական ազդեցութիւն, բայց, ըստ անոր, Ջհանգիրեանի հեռացումը չի նշանակեր անոր ձգած ժառանգութեան վերացումը, որովհետեւ ընդդիմութիւնը տակաւին ունի բանտարկուած մարդիկ, որոնք բանտին մէջ են ջհանգիրեանական արդարադատութեան պատճառով, եւ այսօր կ՛ուզեն յստակացնել, թէ Եւրոպական Միութիւնը այնտեղ ըսելիք չունի՞: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան տակաւին ռազմագերիներ ունի Ատրպէյճանի մէջ, Եւրոպական Միութիւնը այդ մասին ըսելիք կամ ընելիք չունի՞:
Եւրոպական Միութեան դեսպանատան մօտ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին որդեգրուած լռութեամբ այդ շէնքը վերածուած է ամօթի շէնքի:
Եւրոպական Միութեան գրասենեակին առջեւ ցոյցէն ետք, երթին մասնակցողները ուղղուեցան Ազգային ժողով: Անոնք Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրիա Վիքթորինի եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախկին նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Գագիկ Ջհանգիրեանի լուսանկարը ձգեցին Ազգային ժողովի ճաղավանդակներուն մօտ:
Այնուհետեւ երթը շարժեցաւ դէպի Սարեան պուրակը:
