ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեյացուց, որ 4 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 9:15ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, տարբեր, որոնց կարգին մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան, մասնաւորաբար՝ Վայոց Ձորի մարզի Խաչիկ գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու, ինչպէս նաեւ դէպի գիւղ տանող ճամբուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով վնասուեցաւ համայնքի ղեկավարին ինքնաշարժը:
Ըստ նշեալ հաղորդագրութեան՝ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կրակը դադրած է: Հայկական կողմէ տուժածներ չկան:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց հաղորդումը՝ զայն որակելով ապատեղեկատուութիւն: