

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանի դասերը երկու տարի հեռակայ կապով տեղի ունեցան։
Այս տարեշրջանին՝ 2021-2022ին, պսակաձեւ ժահրի սահմանափակումները մասամբ մեղմացած ըլլալով՝ բոլոր ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններուն նման, մեր վարժարանն ալ աշակերտութեան ֆիզիքական ներկայութեամբ, շատ արդիւնաւէտ տարի մը ունեցաւ։
Սեպտեմբեր 2021ին երկրորդ Շաբաթը դպրոցի վերամուտի օրն էր։ 88 աշակերտ-աշակերտուհիներ մեծագոյն հաճոյքով սկսան դպրոց գալ։ Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթը տեղի ունեցաւ Մշակոյթի ամսուայն ձեռնարկը։ Միայն չորս շաբաթ դպրոց յաճախող այս փոքրիկները Մշակոյթի ամսուան առիթով, իրապէս շատ գեղեցիկ հանդիսութեամբ նշեցին Սրբոց Թարգմանչաց մեծախորհուրդ տօնը։ Այս ձեռնարկէն ետք, Նոյեմբերին, դպրոցին մէջ Աստուծոյ փառք եւ շնորհակալութիւն յայտնելով՝ նշուեցաւ Գոհաբանութեան օրը եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս դպրոցի աշակերտութիւնը կազմակերպեց դրամահաւաք մը՝ ի նպաստ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին, իսկ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, Կաղանդ պապային մասնակցութեամբ, երգով, խօսքով եւ արտասանութիւններով, ապա աշակերտութիւնը Կաղանդ պապայէն ստանացաւ իր նուէրները։
2022ին ունեցանք նոյնքան շահեկան եւ խորիմաստ ձեռնարկներ. Ապրիլ 24ին շատ յուզիչ եւ գեղեցիկ ձեռնարկով ոգեկոչուեցաւ Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներուն անմեռ յիշատակը, իսկ անոր յաջորդեց Ս. Զատկուան եւ Քրիստոսի Յարութեան սքանչելի տօնը։ Մայիս ամսուան տօներէն մին՝ Մայրերու տօնը, շատ գեղեցիկ ձեռնարկով մը մեր փոքրիկները անխառն սիրով ողողեցին իրենց թանկագին մայրերը։
Այս տարի եւս մեր դպրոցը այցելեցին գաղութիս հոգեւոր, աշխարհիկ մեծանուն գործիչներ, մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ Հայաստանէն կամ մեր գաղութէն։ Իսկ ամէնէն ուշագրաւ եւ անմոռանալի օրը եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մեր համայնքի ամբողջական սէրն ու յարգանքը վայելող, երկու շրջանի նախկին գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի այցելութիւնը, որ հակառակ իր արտակարգօրէն զբաղած ըլլալուն, այս համեստ վարժարանը այցելեց եւ իր խորագոյն տպաւորութիւնները կիսեց պատասխանատուներուն հետ։ «Սիրելի փոքրիկներ, հիմա տակաւին շատ փոքր էք, բայց երբ մեծնաք ինչ դիրքի եւ պաշտօնի վրայ ըլլաք, յիշեցէք եւ այցելեցէք ձեր պապերուն եւ ձեր Մայր Հայրենիքը», յորդորեց ան։ Աշակերտութեան, ուսուցիչներուն եւ միութենական ղեկավարներուն համար, այդ օր անջնջելի եւ յիշատակելի օր մըն էր պարզապէս։
Նմանապէս այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մեր վարժարանը այցելեց Կլենտէյլ քաղաքի Կրթական խորհուրդի նախկին նախագահ եւ 17 տարի սոյն խորհուրդի անդամ Կրեկ Գրիգորեան։ Յարգելի հիւրը եւ անոր ծնողները Ամերիկա ծնած հայեր եղած են։ Գրիգորեան իր հիացումը յայտնեց եւ ներողութիւն խնդրեց՝ ըսելով. «Պաշտօնավարութեանս 17 տարիներունԿլենտէյլ քաղաքի բոլոր դպրոցներուն ծանօթ էի, իսկ այս հրաշք դպրոցին ծանօթ չէի մինչեւ հիմա», հաստատելով որ միշտ կապ պիտի պահէ այս դպրոցին հետ։


Այս ձեռնարկներէն ետք,Շաբաթ, 11 Յունիսին տեղի ունեցաւ դպրոցի 43րդ ամավերջի հանդէսը՝ շատ ճոխ եւ հարուստ յայտագիրով։
Այդ օր, լսելէ ետք աշակերտութեան կատարած բազմապիսի երգերը եւ արտասանութիւնները, որոնք Հայաստանի դպրոցներուն մէջ դասաւանդուած նորագոյն ազգային, հայրենասիրական եւ մայրասիրութեան, մշակութասիրութեան երգեր ըլլալով՝ խորապէս յուզեցին ներկայ ծնողները եւ նոյնինքն ուսուցչուհիները, որոնց աչքերէն արդարօրէն ուրախութեան եւ հպարտութեան արցունքներ հոսեցան։
Վերջաւորութեան խօսք առաւ վարժարանի հիմնադիր եւ 43 տարիներու պատասխանատու՝ Խաչիկ Ճանոյեան, որ գնահատանքի ջերմ խօսքերով նախ գնահատանք յայտնեց վարժարանի տնօրէնուհի Անահիտ Խաչատուրեանին իր ամբողջական նուիրումին զոհողութեան համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մեր հոյակապ թանկագին կամաւոր ուսուցչուհիներուն եւ անոնց օգնականներուն։ Իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները իրենց ելոյթներէն ետք իրենց յատուկ վկայականները ստացան տնօրէնութեան, Ճանոյեանի եւ իրենց թանկագին ուսուցչուհիներուն կողմէ։
Վերջաւորութեան, Ճանոյեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Իրաքահայերու Ընտանեկան միութեան, որ 43 տարիներ շարունակ անվճար այս վարժարանը կը պահէ, իր կողքին ունենալով կամաւոր, թանկագին եւ պատուական ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Պաշտօնական բաժինէն ետք, բոլոր ուսուցչուհիները, անոնց օգնականները եւ դպրոցի պատասխանատուները սիրոյ սեղանի մը հրաւիրուած էին դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ։ Հոն սրտի խօսքերով, բաժակաճառերով, խմբերգներով շատ հաճելի ժամանակ անցուցին մեր կրթական մշակները։
Բոլորին վարձքը կատար։
Յիշենք, թէ Մայիսին տեղի ունեցան յառաջիկայ տարուան արձանագրութիւնները։
Մեր դպրոցի հասցէն է՝ 214 Fairview, Glendale CA, իսկ դպրոցի ժամերն են՝ Շաբաթ ժամը 10-12։
Բարի ամառնային արձակուրդ եւ մինչ Սեպտեմբեր ամսուան հանդիպումը, համայն հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կը մաղթենք անփորձանք եւ բարի արձակուրդ մը։