ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
Ազգային մարզական միութեան (ԱՄՄ) Մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Շաբաթ, 18 Յունիին, հայրենաշունչ եւ շահեկան դասախօսութիւն մը մատուցեց ԱՄՄի «Ալէք Մանուկեան» սրահին մէջ, «Սփիւռքահայ իրականութիւններ, հայապահպանումը եւ ազգային ամբողջական մշակոյթի գործընթացը» խորագիրով։
Ազգային մարզական միութիւնը դասախօսութիւններով, գրական կամ մշակութային զանազան միջոցներով, համագործակցելով Սփիւռքի կառոյցներու, ինչպէս եւ գործօն դեռ տանելով ու մաս կազմելով հայրենիքի մէջ տարբեր միջոցառումներու, միշտ ձգտած է պահպանել Ամմանահայ փոքր համայնքի հայեցի նկարագիրը։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր բանախօսութեան մէջ արծարծեց մշակոյթ հասկացողութիւնը եւ հայ լեզուի դերը, թէ ինչպէս յարմարիլ եւ պահպանել մշակոյթը:
Դոկտ. Ճէպէճեան յորդորեց ըլլալ լաւատես, եւ շեշտեց համայնքի կառոյցները պահպանելու կարեւորութիւնը։
Այս օգտակար դասախօսութեան ներկայ էին հայապահպանման հարցով մտահոգ անհատներ, որոնք կը վայելէին գաղութիս հոգեւոր առաջնորդ Աւետիս Ծ. վրդ. Իփրաճեանի բարձր ներկայութիւնը, ինչպէս եւ Ազգային տեղական խորհուրդի, ՀՕՄի վարչական անդամններու եւ ուսուցչուհիներու քաջալերանքը:
Ուրախալի է գիտնալ, որ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով՝ 2014ին, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ՝ Դեկտեմբեր 2021ին պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ իր երկար տարիներու Ազգային-եկեղեցական եւ Աստուածաշնչային գործունէութեան համար։