ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ոստիկանութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ հաղորդեց, որ Հայաստանի Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւնը եւ Տարածքային անձնագրային ծառայութիւնները կ՛աշխատին գերծանրաբեռնուած դրութեամբ, նոյն ժամանակ՝ շարք մը գործօններու պատճառով։
Կը նշուի, որ ամրան ամիսներուն, եղանակային առանձնայատկութիւններուն պատճառով, մեծապէս կ՛աւելնայ անձնագիր ստանալու կամ փոխանակելու համար դիմողներուն թիւը։ «Մասնաւորապէս, աճում են ինչպէս մեր հայրենակիցների կողմից հանգստանալու նպատակով արտերկիր մեկնելու համար անձնագիր ձեռք բերելու, դրանում օտարերկրեայ պետութիւններում վաւերականութեան նշում կատարելու համար դիմելու դէպքերը, այնպէս էլ օտարերկրեայ պետութիւններից Հայաստան ժամանած ՀՀ քաղաքացիների կողմից անձնագիր ստանալու կամ փոխանակելու դիմումները»:
Ըստ ոստիկանութեան՝ 2022 թուականը մեծապէս կը տարբերի նախկին տարիներէն, որովհետեւ աննախընթաց կերպով աւելցած է օտար պետութիւններու մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմումները: Համեմատութեան համար կը նշուի, որ եթէ 2021 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու թիւը եղած է 3448, 2022ի նոյն ժամանակաշրջանին անիկա եղած է 9917 (շուրջ երեք անգամ աւելի):
Զգալիօրէն աւելցած է նաեւ Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր ստանալու-փոխանակելու համար ներկայացուող դիմումները, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն օտար պետութիւններու մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիները, որոնք ամրան շրջանին Հայաստան գտնուելով՝ կը դիմեն Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիր ստանալու կամ իրենց ժամկէտանց անձնագիրները փոխանակելու համար:
Բացի վերոյիշեալներէն, այս տարի աւելցած է նաեւ երկար ժամանակով Հայաստանի մէջ բնակելու եւ աշխատելու նպատակով Հայաստան ժամանող օտարներու թիւը, որոնք Հայաստանի մէջ իրենց բնակութիւնը օրինականացնելու, հաշուառուելու, ինչպէս նաեւ հանրային ծառայութիւններու թիւ ստանալու նպատակով կը դիմեն Անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան կամ Տարածքային անձնագրային ծառայութիւններուն` անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ձեւակերպելու համար:
«Դիմելիութեան մեծ աճով պայմանաւորուած` նշուած մարմիններում արդէն առաջիկայ 2-3 ամիսների համար սպառուել է հերթագրուելու հնարաւորութիւնը, ուստի, ինչպէս ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու, այնպէս էլ անձնագիր ստանալու կամ փոխանակելու համար անձինք գերադասում են ժամանել Հայաստանի Հանրապետութիւն` տեղում անհրաժեշտ գործողութիւններ կատարելու նպատակով», կը նշուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: