ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի եւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի միջեւ մէկ օր յետաձգումով տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիս մը ընթացքին Պուշ յայտարարեց. «Մեր առաքելութեան ամբողջացումէն ետք է միայն, որ պիտի հեռանանք Իրաքէն, այլապէս մեր զօրքերուն հեռացումը պիտի ամրապնդէ ահաբեկիչներուն կորովը», միաժամանակ շեշտելով, թէ պիտի փորձէ արագացնել երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու պարտականութիւնը իրաքցինրուն յանձնելու աշխատանքը:
Մալիքիի համաձայն, նախագահ Պուշի հետ համաձայնութիւն կայացած է ապահովութիւնը իրաքեան ուժերուն փոխանցելու անհրաժեշտութեան շուրջ։
Պուշ Յորդանանի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին յետաձգումը յայտարարուեցաւ այն միջոցին, երբ Սպիտակ տունէն «սպրդելով» մամուլին հասած էր յուշագիր մը, որուն մէջ ամերիկացիները կասկածներ կը յայտնէին Իրաքի մէջ համայնքային վայրագութիւնները սանձելու Մալիքիի կարողութեան նկատմամբ:
Սպիտակ Տան խորհրդականներէն Տան Պարթլէթ հերքեց այն տարաձայնութիւնները, թէ Մալիքի, այս ժողովը յետաձգել տալով, իր ընդվզումը կ՚արտայայտէ յիշեալ տեղեկագիրին նկատմամբ: