Պատրաստեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Այս հիւանդութիւնը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է: Անիկա առաջին անգամ ախտաճանաչուեցաւ 1958ին, կապիկներու մօտ, երբ ծաղկախտի հետազօտութիւն կը կատարուէր անոնց մէջ: Ուրեմն, հիւանդութեան անուանումը եղած է ըստ այնմ: «Կապիկի ծաղկախտ»ը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուեցաւ 1970ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուեցաւ Ափրիկէի կեդրոնական եւ արեւելեան երկիրներու մէջ: Անիկա տեսնուած է նաեւ Ափրիկէէն դուրս շատ մը երկիրներու մէջ, ափրիկեան երկիրներէն դուրս ճամբորդողներու միջոցաւ կամ այդ երկիրներէն ներածուած վարակուած կապիկներու եւ մուկերու միջոցաւ։
2003ին, 47 պարագաներ տեսնուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2018ին 3 պարագաներ՝ Անգլիոյ մէջ, եւ մէկ պարագայ՝ Իսրայէլի մէջ:
«Կապիկի ծաղկախ»ի յարուցիչը ժահր մըն է, որ ծաղկախդի ժահրի մէկ տարբերակն է: Այս ժահրի պահեստանոցը (reservoir) նկատուած է կապիկը եւ ափրիկեան մուկը:
«Կապիկի ծաղկախտ»ի ախտանշանները կը նմանին ծաղկախտի ախտանշաններուն, սակայն անոր յատկանշական ախտանշանը աւշագեղձերու ծաւալումն է, որ ծաղկախտի պարագային տեղի չ՛ունենար: Աւշագեղձերու ծաւալումը կը պատահի մարմինի զանազան բաժիններուն վրայ, յատկապէս՝ վիզի եւ աճուկի: Անոր թխսաւորումը (incuparion period) կը տեւէ 5-21 օրեր, այսինքն ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 5-21 օրեր ետք:
Վարակումէն ետք, հիւանդութիւնը կ՛ունենայ երկու փուլեր: Առաջին փուլը կը սկսի ջերմով, գլխացաւով, մկանային ցաւով եւ հոգնածութեամբ: Երկրորդ փուլը կը սկսի ջերմի յայտնութենէն 3-5 օրեր ետք: Կը յայտնուի մորթային տարածուն ցան, որ յատկանշական է իր հեղուկային բշտիկներով: Այս բշտիկները կը թարախոտին, ապա կամաց կամաց կը սպիանան եւ կը չորնան: Բշտիկները կրնան ըլլալ քանի մը հատ կամ հազարներով՝ մարմինի զանազան մասերուն վրայ: Անոնք կրնան տեսնուիլ բերանին եւ քիթին մէջ ինչպէս նաեւ սեռային արտաքին օրկաններուն վրայ:
Ծաղկախտի պատուաստ ստացողներ աւելի նուազ ուժգնութեամբ ախտանշաններ կ՛ունենան, քան՝ պատուաստ չառնողները:

Ամբողջ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-4 շաբաթ: «Կապիկի ծաղկախտ»ը ծաղկախտէն աւելի մեղմ ընթացք կ՛ունենայ, սակայն անիկա կրնայ մահացու դառնալ իր բարդութիւններուն պատճառով:
Մարդ արարածը կը վարակուի այս հինդութեամբ հետեւեալ ձեւերով՝
Առաջին՝ վարակուած կապիկին կամ մուկին լորձունքին մէջ գտնուող ժահրը առողջ մարդուն կը փոխանցուի, երբ անոնք խածնեն զայն կամ ճանկելով վնասեն:
Երկրորդ՝ վարակուած մարդու մը շնչառական օդակաթիլները առողջ մարդուն մարմինին մէջ կը մտնեն անոր քիթի, բերանի կամ աչքի խլնաթաղանթէն:
Երրորդ՝ երբ առողջ անձ մը կը դպնայ վարակուած անձի լորձունքին, խլնահեղուկին, մորթի վէրքերուն կամ անոր գործածած անկողինին ու բարձին:
Չորրորդ՝ երբ առողջ անձ մը սեռային յարաբերութիւն ունենանայ վարակուած անձի մը հետ: Սեռային յարաբերութեամբ վարակուած անհատին սեռային օրկաններուն վրայ գտնուած վէրքերուն ժահրը կը ներխուժէ առողջ անձին սեռաային օրկաններու խլնաթաղանթէն եւ կը յառաջացնէ վարակում:
Մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ փոխանցումը տեղի կ՛ունենա՞յ վարակուած անձին սերմնահեղուկին կամ հեշտոցային խլնահեղուկին միջոցաւ:
Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր նորածինը ծննդաբերութեան ընթացքին, իր հեշտոցին վրայ գտնուած վէրքերուն միջոցաւ:
Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր սաղմը փառի միջոցաւ:
Նորածին մը կրնայ վարակուիլ իր վարակուած մօրմէն՝ պարզապէս դպնալով մօր ունեցած մորթային վէրքերուն:
Մանուկները աւելի հակամէտ են վարակուելու այս հիւանդութեամբ:
Վարակուած անհատը կրնայ վարակել առողջ անհատ մը իր վարակումէն մինչեւ չորրորդ շաբթուան վերջաւորութիւնը:
«Կապիկի ծաղկախտ»ի ախտաճանաշումը կը կատարուի՝ տեսնելով ծաւալած աւշագեղձերը եւ մորթային բշտիկներու հեղուկին յատուկ քննութեամբ, երբ կը փաստուի յարուցիչ ժահրի գոյութիւնը:
Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս՝ կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ հիւանդութեան զարգացումին ընթացքին: Այս բարդութիւններէն են՝ թոքատապ, մորթային երկրորդական մանրէական բորբոքում, աչքի բորբոքում եւ ուղեղատապ:

Այս հիւանդութիւնը յատուկ դարմանամիջոց չունի: Կարգ մը երկիրներու մէջ կը գործածուի ծաղկախտի պատուաստը: Վերջին տարիներուն պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ նոր պատուաստ մը, որ Jynneos կը կոչուի եւ կը գործածուի իբրեւ դարմանամիջոց:
Բարդութիւնները կը դարմանուին յատուկ դեղերով եւ ըստ անոնց տարողութեան:
Կարելի՞ է կանխարգիլել այս հիւանդութիւնը: Այո՛ կարելի է. պարզապէս՝
1. Չայցելել այն երկիրները, ուր այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի տեղաճարակային-մնայուն (endemic) ձեւով.
2. Հեռու մնալով կապիկներէ եւ մուկերէ.
3. Չդպնալով կասկածելի կապիկներու եւ մուկերու.
4. Չդպնալով կասկածելի եւ մանաւանդ վարակուած անձերու ու չգործածել անոնց անկողինը կամ բարձը.
5. Վարակուած անձի մը հետ սեռային յարաբերութիւն չունենալով.
6. Շատ լաւ եփելով միսը՝ ուտելէ առաջ.
7. Վարակուած անձին վէրքերուն դպնալ միայն յատուկ ձեռնոցներ գործածելով:
Ներկայիս «Կապիկի ծաղկախտ»ը համաճարակի չէ վերածուած:
Ըստ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան (WHO)՝ մինչեւ այս տարուան Յունիս ամիսը, Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ հարաւային-ամերիկեան երկիրներու մէջ (28 երկիրներ)՝ ախտաճանաչուած են 1285 պարագաներ: Ախտաճանաչուած պարագաները առաւելաբար եղած են Փորթուկալի, Անգլիոյ, Գանատայի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, եւ Պելճիքայի մէջ: Ափրիկեան 8 երկիրներու մէջ ախտաճանաչուած են 59 պարագաներ, տեսնուած են 1536 կասկածելի պարագաներ եւ պատահած են 72 մահեր:
Ըստ Գանատայի պետական առողջապահական վիճակագրութիւններուն՝ մինչեւ օրս ախտաճանաչուած են 278 պարագաներ, որոնց 211ը պատահած են Քեպեք նահանգին մէջ: 27 Մայիսէն ի վեր գործածուած են 8101 Imvamune պատուաստներ: