ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 27, 28 եւ 30 Մայիսին, համացանցի միջոցաւ Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամին սպառնալիքներ հնչեցուցած Էրսին Պաշքան եւ Հիւսէյին Աթէշ սպառնալինքեր ուղղելու մեղադրանքով դատուեցան:
Պոլսոյ 56րդ հիմնական ատեանին մէջ ընթացող դատավարութեան ներկայ էին կողմերու փաստաբանները: Նիստին ընթացքին, բողոքողներու փաստաբանները նշեցին, որ իրենք ընդհանուր առմամբ համաձայն են կարծիքի ազատութեան, սակայն խնդրոյ առարկայ յանցագործութիւնը կատարուած է՝ օգտուելով գոյութիւն ունեցող կամ ենթադրեալ կազմակերպութիւններու վախցնող ուժէն: Հոն կը յիշատակուի նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:
Փաստաբանները պահանջեցին ամբաստանեալները պատժել «որակաւոր սպառնալիք» յանցանքին համար:
Ի պաշտպանութիւն, ամբաստանեալի փաստաբանը պահանջեցին արդարացնել զանոնք՝ նշելով, որ իր պաշտպանեալները կազմակերպութեան մը հետ կապ չունին, եւ խնդրոյ առարկայ «որակեալ» իրավիճակը չէ յառաջացած: Դատարանը, իր որոշումը հրապարակելով պաշտպանական եւ ընդունուած յայտարարութիւններէն ետք՝ մեղադրեալ Հիւսէյին Աթէշը դատապարտեց 2.5 տարուան բանտարկութեան՝ «շղթայական սպառնալիքներ»ու յանցանքով, իսկ մեղադրեալ Էրսին Պաշքանը նոյն յանցագործութեան համար դատապարտեց 2 տարուան բանտարկութեան: Դատախազութիւնը անանոց համար 7-9 տարուան բանտարկութիւն պահանջած էր։
Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ նախապատրաստուած մեղադրական եզրակացութեան համաձայն՝ իբրեւ բողոքողներ արձանագրուած են 9 անձեր, որոնք են՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի վարչական խորհուրդի նախագահը, անդամները եւ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինը: