
ՐԱՖՖԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
12 Յունիսը ցնծութեան եւ տօնախմբութեան օր էր Սուրբ Պետրոս շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն եւ ծնողներուն համար: Բոլորը պատրաստուած էին ամավերջի հանդէսին:
Համաճարակը յաղթահարած եւ անոր ճիրաններէն ազատած աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ եւ կարօտով վերադարձած էին դասարանները՝ առցանց դասընթացքներու ձանձրացուցիչ ժամերէն ազատելով եւ մեծ խանդավառութեամբ պատրաստուած էին ամավերջի հանդէսին:
Հանդէսէն շուրջ ժամ մը առաջ, աշակերտները, ազգային գեղեցիկ պատմուճաններ հագած՝ վերաքաղ կ՛ընէին իրենց սորված երգերը եւ բանաստեղծութիւնները. ոմանք, անկիւն մը քաշուած՝ կը կարդային իրենց ընթերցելիք խօսքերը, ուրիշներ կը կրկնէին իրենց պարերու քայլերը եւ նազանքները, իսկ ուսուցիչները վերջին վայրկեանին լրացուցիչ պատշաճեցումներ կը կատարէին:
Բարեբախտաբար, վարժարանի հանդէսը պատրաստող ուսուցչական կազմը՝ արեւմտահայերէնի դասատուներ՝ Սալբի Թեճիրեան, Մարալ Փոսթալճեան, Մարիա Անթեքելեան, Հիլտա Աճըիլաչօղլի, Նատիա Պարսամեան, Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեան իսկ արեւելահայերէնի դասատուներ՝ Զարինէ Սուքիասեան, Արթուր Կոպիակով, Լուսինէ Ադամեան, ինչպէս նաեւ խմբավար եւ երաժշտութեան դասատու Սիրվարդ Կավուկճեան, դաշնամուրի նուագակցող Անի Քիչեանն ու տնօրէնուհի Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեան, միշտ ձգտած է նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ հայկական ազգայնաշունչ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակին՝ օտար ամէնօրեայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն համար ստեղծելու փոքրիկ Հայաստան մը ամէն Շաբաթ օր, այսպէս 37 տարիներէ ի վեր:
Վարագոյրի բացման ժամանակը կը մօտենար. ծնողներէն շատեր կը գրաւէին ճշդուած տեղերը, իրենց ձեռքերուն ունենալով օրուան յայտագիրի շքեղ օրինակները:


Փոխտնօրէն Րաֆֆի Մելքոնեան փակ բեմէն յայտարարեց, որ վարագոյրը պիտի բացուէր ճշդուած ժամուն՝ ըսելով. «Կը խնդրուի ծնողներէն իրենց տեղերը գրաւել, որովհետեւ հանդէսը պիտի սկսի նախապէս յայտարարուած ժամուն: Մենք չենք հետեւիր հայկական ժամադրութեան. մենք կը հետեւինք Սուրբ Պետրոս Շաբաթօրեայ վարժարանի ժամադրութեան:»
Տէրունական Աղօթքը եւ բացման խօսքերը կարդացուեցան ճշդուած ժամուն, ապա վարագոյրը սկսաւ դանդաղ բացուիլ: Ներկաներուն առջեւ պարզուեցաւ գիւղական հարսանիքի շքեղ տեսարան մը՝ ազգային տարազներով, գիւղական զարդերով եւ մեծաթիւ խնամիներով: Խնճոյքի ճոխ սեղանին վրայ կային հայկական լաւաշը, գաթան, պտուղները, ընկոյզը, չիրն ու չամիչը:
Հայկական աւանդական հարսանիքը կը ներկայացուէր յատուկ ընթերցումներով եւ համապատասխան երգ ու պարով:
Աշակերտները ներկայացուցին պատմական ակնարկ մը «Հայկական Հին Հարսանիքները» խորագիրով՝ Արտաշէս արքայի եւ Սաթենիկ թագուհիի օրերէն մինչեւ մեր օրերը, նկարագրելով աւանդոյթները եւ սովորոյթները՝ խնամախօսի դերը ու խնամախօսութեան արարողութիւնները: Փեսացուի ընտանիքին ժամանումը ներկայացնելէ ետք, աշակերտները կատարեցին «Եկանք, Եկանք, Այլի Հօ» զաւեշտական երգը: Աշակերտները նաեւ ներկայացուցին «Խնամօնք Եկան» բեմական պատկերը ապա կատարեցին «Հոռոմ, Հոռոմ» զաւեշտական երգը: Յաջորդ ընթերցուած մատուցումը կը նկարագրէր ծնողներուն համաձայնութիւնը, ապա մշակութային ակնարկ մը՝ «Հաւ Գողանալու Արարողութիւնը» եւ մանկական ոտանաւոր մը՝ «Հաւիկ-Հաւիկ»: «Հարսնացուին Տօնական Զգեստ»ին եւ «Հարսանեկան Օժիտ»ին նուիրուած պատումներէն ետք, վարժարանի տաղանդաւոր աշակերտներ ներկայացուցին «Ալ Այլուղս» զաւեշտական զուգերգը: Յաջորդ ընթերցումը կը պատմէր հարս ու փեսայի զգեստները զարդարելու եւ անոնց ուսերուն վրայ լաւաշ փռելու արարողութեան մասին: Այս արարողութիւնը պսակուեցաւ ամենափոքր աշակերտներու մանկական «Հատիկ, Հատիկ» եւ «Հաց Կը Թխեմ» երգերով, ապա կատարուեցաւ «Հոպ Թռի, Հոպոպ Թռի, Եղսօ Ջան» հարսանեկան երգը: «Շքեղ Հիւրասիրութեան» եւ ճոխ սեղաններուն նուիրուած ընթերցանութիւններէն ետք աշակերտները ներկայացուցին «Եկան Եկան Մոկաց Հարսներ» պարը:
Աւանդական հարսանիքի վերջին պատկերը ճոխ եւ յուզիչ պատկերն էր, որուն մէջ վարժարանի բոլոր աշակերտները, խանդավառ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ՝ բեմ բարձրացան եւ իրենց խանդավառութեամբ վարակեցին բոլոր ծնողները եւ ուսուցչական կազմը. յոտնկայս եւ ծափողջոյններով թնդացուցին սրահը:

Իր փակման խօսքին մէջ, տնօրէնուհի Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեան շնորհաւորեց աշակերտները եւս մէկ ուսումնական տարի աւարտելնուն համար եւ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները՝ ուր որ ալ ըլլան, ինչ դիրքերու ալ տիրանան, բոլոր ազգերուն նման, իրաւունք ունին հպարտանալու իրենց ազգութեամբ, ոսկեղնիկ ու հնամենի լեզուով եւ հարուստ ու գունագեղ մշակոյթով, որոնք կը հարստացնեն համաշխարհային հարուստ մշակոյթը: Իսկ գնահատանքի վարկանիշ պարգեւելու պարագային, Սփիւռքի բոլոր վարժարանները բացառութիւն չեն կազմեր. աշակերտը առանձին պիտի չկարենար Ամերիկայի մէջ հայեցի նկարագիր ունենալ. վարկանիշը եւ պատիւը նաեւ կը բաժնեն ուսուցիչները, ծնողները եւ եկեղեցւոյ հովիւը եւ հոգաբարձական կազմը:
Տեղին է անդրադառնալ, որ Ս. Պետրոս շաբաթօրեայ վարժարանը 1985էն ի վեր դարձած է հայեցի դաստիարակութեան հնոց մը, ուրկէ շրջանաւարտ աշակերտներ արդէն իբրեւ ծնողք իրենց զաւակները կ՛արձանագրեն նոյն վարժարանը, ուր անցուցած են իրենց մանկութեան եւ պատանութեան քաղցր օրերը:
Ամրան արձակուրդին ընթացքին, կարելի է առցանց արձանագրուիլ, իսկ վարժարանը կը վերաբացուի 10 Սեպտեմբեր 2022ին: Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը՝ (818) 344-4860 թիւին կամ վարժարանի տնօրէնուհի Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեանին՝ (323) 382-1622 թիւով: