
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ըստ Յունիսին տեղի ունեցած Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն՝ հաստատուեցաւ Էլէն Ասատրեանի ընտրութիւնը՝ իբրեւ անդամ այդ մարմինին։
8 թեկնածուներու մէջ, Ասատրեան երկրորդ հանդիսացաւ իր ստացած քուէներու քանակով եւ իր պաշտօնը պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ 12 Յուլիսին։
39ամեայ Ասատրեան ստացաւ 13,165 քուէներ, Կլենտէյլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աւելի մեծ թիւով քուէներ ապահովելով քան վերընտրուելու համար իրենց թեկնածութիւնը դրած քաղաքապետական խորհուրդի երկու անդամները, որոնք այս պարագային Արա Նաճարեանը եւ Վրէժ Աղաճանեանն էին։
Յիշեցնենք, որ Ասատրեան ապահոված էր Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ շարք մը այլ համայնքային կազմակերպութիւններու եւ գործարարներու զօրակցութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչի պաշտօնը վարած օրերուն, Ասատրեան յառաջ մղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ հանրային վարժարաններու մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդման ընդարձակման ջանքերը: Ան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հայութեան ինքնորոշման ի նպաստ տարած էր աշխատանք, որուն շնորհիւ ան մեծարուած էր Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն կողմէ՝ ստանալով «Երախտագիտութիւն» շքանշանը:
Ասատրեան դպրոցական տարիներէն ի վեր աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է քաղաքացիական կեանքին, դէմ դնելով խտրականական օրէնքներու, պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով զանազան յանձնախումբերու եւ մարմիններու մէջ: