Ելեւմտական ոճիրներու դէմ պայքարող Միացեալ Նահանգներու պետական գործակալութիւնը (FinCEN) եւ ելեւմտական նախարարութեան Արդիւնաբերութեան եւ ապահովութեան գրասենեակը (BIS) Հայաստանը ներառած են այն երկիրներու շարքին, որոնց միջոցով ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ ապրանքները կրնան արտածուիլ Ռուսիա եւ Պելոռուս։
«BIS-ը յայտնաբերած է քանի մը ընդհանուր փոխադրութեան կէտեր, որոնցմով, ինչպէս յայտնի է, կ՛անցնին սահմանափակ կամ վերահսկուող արտածումներ՝ նախքան Ռուսիա կամ Պելոռուս հասնիլը։ Այս կէտերը կը ներառեն, բայց չեն սահմանափակուիր հետեւեալներով՝ Հայաստան, Պրազիլ, Չինաստան, Վրաստան, Հնդկաստան, Իսրայէլ, Ղազախստան, Ղրղզիստան, Մեքսիքա, Նիքարակուա, Սերպիա, Սինկափուր, Հարաւային Ափրիկէ, Թայուան, Տաճիկիստան, Թուրքիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Իւզպէքիստան։ Որոշ պարագաներու, վերահսկուող ապրանքները կրնան օրինական ճամբով արտածուիլ իբրեւ հումք այլ պատրաստ արտադրանքի արտադրութեան համար», կ՛ըսուի FinCEN-ի եւ առեւտուրի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։