Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պատասխանելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցին ու երկիրներուն միջեւ ընթացող երկխօսութեան մասին «Ամերիկայի Ձայն»ի հարցումին՝ աջակցութիւն յայտնեց Երեւան-Անգարա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջանքերուն։
«Միացեալ Նահանգները վճռաբար կ՛աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, որ դրականօրէն պիտի անդրադառնայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։ Հայ-թրքական երկխօսութիւնը կարողութիւնը ունի շրջանային կայունութիւնը ամրապնդելու, զսպելու վնասակար ազդեցութիւնը եւ յանգեցնելու յաւելեալ տնտեսական զարգացման, որ շահաւէտ է բոլորին համար։ Անիկա յատկապէս կարեւոր է այսօր՝ նկատի ունենալով Ռուսիոյ պատերազմը Ուքրանիոյ մէջ։ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու այս կարեւոր երկխօսութեան այնպէս, ինչպէս երկու կողմերը պատշաճ կը համարեն», յայտնեց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը ։
Ասի շատ բոլոթիքական կարծիք մընէ: Ամերիկայի գործին կուգայ որ հայերը թիւրքերուն հաշիւներուն վրայ հաշտովին եւ մորնան Արցախն ալ, մնացյալ հողերն ալ, մէջը ըլլալով Արեւմտահայաստանն ալ: Ասի իմ կարծիքս է: Քիչ մը զարմանալի է որ աս լուրը տվեր էք առանց կարծիք մը ըսելու: Ըսելս անի է, որ Ամերիկայի այս ըսածը լա՞ւ է, վնասակա՞ր է: Կարծես թէ խոսքը ափրիկեցիներուն կամ ինտոնեզիացիներուն մասին է եւ մենք հէչ չենք հետագրքրված ասանկ բաներով: