8էն 10 Յուլիսին, Մոնթրոզի Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ գումարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանի 98րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը։ Ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ, շրջանիս կապը՝ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուսեակ Մելքոնեան, 19 մասնաճիւղերէ ընտրուած 59 պատգամաւորներ, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը եւ հրաւիրեալներ:
Բացումը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դրօշակին հաւատարմութեան երդումը կատարելով, Հայաստանի հիմներգը եւ ՀՕՄի քայլերգը խմբերգելով:
Ժողովի բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, որ հրաւիրեց ներկաները՝ մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու 44օրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակը, ապա հրաւիրեց Սմբատ վրդ. Սապունճեանը՝ փոխանցելու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի խօսքը: Տէրունական աղօթքէն ետք, ան ժողովի աշխատանքներուն հեզասահ ընթացք եւ յաջողութիւն մաղթեց:
Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Նայիրի Տէրտէրեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս ՀՕՄի ծրագիրներուն թիկունք կանգնելնուն համար:
Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Սիլվա Փօլատեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կը շարունակեն գործել՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով:
Ապա ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն: Ժողովի ատենապետներ ընտրուեցան Յասմիկ Տէրտէրեան (հայերէն) եւ Սօսի Ճապրայեան (անգլերէն), ատենադպիրներ՝ Նունէ Ժամագործեան եւ Վարդուկ Թաշճեան (հայերէն) ու Մարալ Փօլատեան եւ Ճուտի Ճինկիրեան (անգլերէն):
98րդ Պատգամաւորական ժողովը երեք օրերու ընթացքին լսեց ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, քննարկեց կատարուած աշխատանքը, քննեց ՀՕՄի անցնող եռամեակի բազմերես գործունէութեան տարբեր բնագաւառները, անդրադարձաւ գաղութիս ընկերային, առողջապահական, կրթական, դաստիարակչական, կազմակերպական, յարաբերական, մանաւանդ տնտեսական կարիքներուն՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, գնահատեց գործունէութիւնը ու համապատասխան արժեւորումներ եւ առաջարկներ կատարեց:
Նախորդ եռամեայ գործունէութեան մասին ժողովը անդրադարձաւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու մատուցած զանազան ծառայութիւններուն, գլխաւորութեամբ՝ գործադիր տնօրէն Դալար Այնթապլեանի եւ Հոգեբանական կեդրոնին, որ օգտակար կը հանդիսանայ իրեն դիմողներուն, գլխաւորութեամբ՝ Իտա Գարայեանի, որոնք բարձր գնահատանքի արժանացան: Ժողովականները նաեւ բարձր գնահատեցին Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանին անխոնջ աշխատանքը:
Շրջանիս բարձրագոյն ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան Արցախի մէջ արեւային ջրատաքացուցիչ սարքերու տեղադրման նոր ծրագիրին, որ տաք ջուր պիտի ապահովէ: Ժողովականները յուզումնախառն արտայատութեամբ ոգեւորուեցան եւ տեղւոյն վրայ դրամահաւաքը սկսաւ, մասնաճիւղերը եւ անդամները անհատապէս մասնակցեցան սոյն ծրագիրի դրամահաւաքին եւ գոյացաւ 85,000 տոլար գումար մը, ապա Շրջանային վարչութիւնը ամբողջացուց գումարը բարձրացնելով 100,000 տոլարի, յատկացնելու համար Աշանի եւ Ականաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, զորս ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը կը հովանաւորէ, նաեւ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին, անմիջական օժանդակութեամբ աջակցելու Արցախի հայրենակիցներուն, որպէսզի անոնք կառչած մնան մեր պապենական հողերուն:
Ժողովի աւարտին, ժողովականները բանաձեւեցին իրենց առաջարկները, որոնց գործադրումը վստահեցան ընտրելի Շրջանային վարչութեան, որմէ ետք անոնք ընտրեցին 2022-2024 երկամեակի նոր Շրջանային վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալները. Վիքի Մարաշլեան` ատենապետ, Ժարմէն Միրզախանեան` փոխատենապետ, Մարալ Մանուկեան` ատենադպրուհի, Քրիսթին Խանճեան` գանձապահ եւ խորհրդականներ՝ Էմմա Կարապետեան, Շուշան Թաշճեան, Սեդա Խոճայեան, Հայկօ Պարսամեան եւ Անուշ Չալեան:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՕՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի 98րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովէն)