
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2023ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծի (NDAA) քննարկումներուն ներկայացուած 7 հայանպաստ յաւելուածներու առաջարկներէն չորսը վաւերացուեցան Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի տեղի ունեցած Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստերուն ընթացքին։
Ստորեւ՝ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուած յաւելուածներու առաջարկները (անոնց թիւերը փոխուած են).


– Թիւ 611 յաւելուածը (նախապէս թիւ 698), զոր ներկայացուցած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ՝ պահանջելով Ատրպէյճանէն անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ քաղաքայինները:
– Թիւ 121 յաւելուածը (նախապէս թիւ 837), որ ներկայացուած է քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենազի եւ Պրետ Շըրմընի կողմէ՝ պահանջելով արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն՝ հետաքննել Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները եւ Պաքուի տրամադրուած ամերիկեան արհեստագիտութեան ունեցած ազդեցութիւնը՝ 44օրեայ պատերազմին եւ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն վրայ:
– Թիւ 337 յաւելուածով (նախապէս թիւ 992), Ճեքի Սփիր կը պահանջէ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն հետաքննել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններուն ունեցած ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն վրայ: Այս յաւելուածին ի նպաստ յատկանշական աշխատանք տարաւ նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն։
– Թիւ 339 յաւելուածով (նախապէս թիւ 478), քոնկրեսականներ Քրիս Փափաս եւ Կաս Պիլիրաքիս կը պահանջեն արգիլել ամերիկեան «Էֆ.16» օդանաւերու արդիականացման անհրաժեշտ արհեստագիտութեան փոխանցումը Թուրքիոյ: Այս յաւելուածին վաւերացման մէջ եւս յատկանշական դերակատար էր քոնկրեսական Փալոն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն եւ հազարաւոր համակիրներուն, որոնք իրականացուցին յաւելուածներուն վաւերացումը։

