

«Քորոնա» համաճարակին պատճառով աշխարհի մէջ ստեղծուած սահմանափակումներուն եւ անբնական կացութեան պատճառով, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աւանդութեան վերածուած նախաձեռնութիւններէն` Համազգայինի ուսանողական հաւաքը՝ «Ֆորում»ը, տարի մը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ, բայց այս տարի անիկա վերադարձաւ իր աւանդական ձեւին: Արդարեւ, 8 Յուլիսին ընթացք առաւ եւ խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կը շարունակուի ուսանողական 26րդ հաւաքը, որուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի անազան գաղութներէ ուսանողներ:
Այս հաւաքներուն նպատակն է՝ հայրենիքը աւելի մօտէն ծանօթացնել հայ ուսանողներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնել ազգային ժառանգութիւններուն եւ մշակոյթին, առիթ տալ համախմբուելու ու միասնաբար պեղելու հայրենիքի գաղտնիքները:
Հաւաքի բացման նիստին մասնակցողները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` հաւաքի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն:
Երկրորդ օրը սկիզբ առաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը այցելութեամբ: Մասնակցողները ծանօթացան մեր հայրենիքին հարուստ պատմութեան եւ ինքնատիպ մշակոյթին, որմէ ետք խումբը այցելեց Եղիշէ Չարենցի կամարը եւ պահ մը վայելեց դէպի Արարատի գիրկը բացուող յիշարժան տեսարանը եւ բոյրը: Կէսօրին, նոնք առիթը ունեցան տեսնելու մեր միակ հեթանոսական տաճարը՝ Գառնիի մէջ, ապա ուղղուեցան դէպի Գեղարդ: Գեղարդի բնութեան աղօթքով ու օրհնութեամբ՝ մասնակցողները վերադարձան մայրաքաղաք:
10 Յուլիսին, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնական ուժով ու հաւատքով ֆորումականները իրենց պարտքը կատարեցին եւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը: Ապա խումբը այցելեց արցախեան պայքարի հերոսներու պանթէոնը` Եռաբլուր: Ֆորումականներու յուզուած աչքերն ու ծաղիկները թրջեցին Արցախի 44օրեայ պատերազմի նահատակներէն, նախկին ֆորումական Արտակ Իշխանեանի սուրբ հողը:



Նոյն օրը առաւօտեան, ֆորումականները այցելեցին Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին` Ծաղկաձոր: Բնութեան զուլալ օդը եւ կանաչազարդ լեռները վայելելով` ճոպանուղիին վրայ, անոնց հոգիները յագեցան հայրենիքի բնութեան ջերմութեամբ:
Ապա, ուսանողները այցելեցին «Տիրամայր Հայաստանի» ճամբարը, ուր փոքրիկներուն հետ ունեցան կէսօրեայ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր ճաշ եւ զանազան մարզական եւ երաժշտական խաղեր: Իւրաքանչիւր մանուկի սէրը եւ ժպիտը ֆորումականներուն սիրտը եւ հոգին կը լեցնէին: Անոնք միասնաբար ուրախ եւ օգտաշատ ժամեր անցուցին:
Երեկոյեան, ուսանողները առիթը ունեցան սորվելու հայկական ազգագրական պարեր, աւելի մօտէն ծանօթացան պարարուեստի գաղտնիքներուն`«Արէնի Դենս Սթիւտիօ»ին մէջ, ուր անոնց ուսուցուեցաւ հայկական Քոչարին ու Թամզարան: Ապա անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» զրոյցին: Զրուցավարն էր պատմաբան Վարագ Գեթցեմանեան: Միտքերու փոթորկումի պահեր ապրեցան երիտասարդները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այս հարցին վերաբերող տարբեր մօտեցում եւ ընկալում ունի, յատկապէս` մեկնելով այն իրողութենէն, որ իւրաքանչիւրը կու գայ տարբեր երկրէ, տարբեր միջավայրէ: Ծաւալեցաւ հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը, որ մտածելու, անձնական փորձառութիւններու մասին արտայայտուելու, ապրումներ փոխանակելու առիթ եղաւ:
Ֆորումի 11 օրերուն ընթացքին, հայ ուսանողները առիթ կ՛ունենան հանդիպելու հայ մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, լսելու պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, քննարկելու հայ ժամանակակից երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ հարցեր: