ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն երեկոյ, պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, պարոն Հայկ մասնաւոր ժամ կը յատկացնէր իր անձին ու իր սենեակէն ներս առանձնանալով, սեղանին դիմաց գտնուող աթոռին վրայ կը հանգչէր, ապա քանի մը վայրկեան ետք կը սկսէր տետրակի մը մէջ արձանգրել օրուան իր մտածումներն ու տպաւորիչ յուշերը:
Այդ տետրակը, իր օրատետրն էր: Ու համաձայն գեղեցիկ սովորութեան, ժամադրութիւնը յարգող սիրահարի մը նման, մօտ տասը եւ աւելի վայրկեաններու սահմաններուն մէջ, կարմիր կողքով, լայն գիծերով այդ հաստ տետրակին մէջ կ՛արձանագրէր քանի մը տողեր, որոնք օրուան գլխաւոր դէպքի մը կամ դէպքերու տպաւորութենէն ծնունդ առած էին:
Օրատետր կամ յուշատետր… Ո՛վ ի՞նչ կ՛ուզէ թո՛ղ որակէ: Ինք իր զգացումներն ու գունաւոր մտածումներու հոսքը կը շարադասէր, արագ եւ նոյնքան հեւքով ու անձայն: Յաճախ՝ անտրտունջ եւ անշշուկ:
Այդ օր ոտքի կանգնելով, արագ մը փորձեց տետրակը գտնել: Բայց… չկար: Չէր յիշեր․ թէ ո՞ւր դրած էր զայն: Օրատետրը իր «տեղը» չէր: Զարմանալի:
Ուստի՝ դարձեալ իրարանցում: Անկանոն փնտռտուք: Տակն ու վրայ ըրաւ իր այդ կոկիկ սեղանը: Պարոն Հայկ, վայրկեանին իր սենեակին մէջ, տխուր մենակութիւն մը զգաց: Անսովոր եւ անակնկալ: Անշարժացաւ… հետեւաբար տիրեց քար լռութիւնը: Իր միտքը կարծես դարձեալ նոր ու տարբեր հոգեդարձ մը սկսած էր ապրիլ: Ճակտէն անժամանակ քրտինքին ներկայութիւնը կը հաստատէր, թէ սխալ բան մը պատահած էր: Այս իրար անցած մթնոլորտին մէջ, յաճախ լսելի էր ցաւալի մռթմռթոցի մը արձագանգը:
– Աստուած ի՛մ… ո՞ւր գնաց… ո՞վ առաւ… ի՞նչ եղաւ…
Իրարու ետեւէ արձակուած այս անպատասխան հարցումները, զինք նոր մտահոգութեան մը գիրկը կը նետէին:
Պէտք է նաեւ ըսել, որ աննկարագրելի ներդաշնակութիւն մը կար իր եւ այդ հինցած ու մաշած տետրակին էջերուն եւ տողերուն միջեւ: Ապրուած կեանքի մը պատկերը, ուր իւրաքանչիւր բառ, շոյանք էր, լոյս, շեշտ եւ հրապոյր ըլլալով հանդերձ: Բայց, շատ յաճախ ալ՝ ընդվզում եւ պոռթկում:
Ամէն առիթով իր մենակութեան մէջ, իր սեղանին դիմաց նստելով նախ այդ տետրակին էջերը կը թերթատէր: Անձայն կը կարդար: Քիթին տակէն բաներ մը կը փսփսար: Կը ծիծաղէր: Նոյնիսկ յաճախ բարձրաձայն ալ կը խնդար: Երբեմն յօնքերը կը պռստէր, ու յաճախ ալ գլուխը աշնանային հովէն դողացող տերեւի նման կը շարժէր: Ապա կրկին վերադառնալու կամքով, կը փակէր զայն ու կը պահէր իր սեղանին վրայ, իր գիրքերուն ամէնէն տակը: Ապահով եւ վստահելի:
Անձնական եւ այլ յուշերու կողքին հոն կային նաեւ միութենական, ընկերային, ընտանեկան եւ կամ աւանդական հարցերու շուրջ նշումներ: Անոնց տողերուն վրայ իր մտքի ու հոգիի արտացոլումներու անհանգիստ վազքերով շատ ժամանակ եւ սիրտ վատնած էր:
Ինք լաւ գիտէր, որ մենակութիւնը մարդուս ուժ կու տար: Նաեւ կը հաւատար, որ մարդ իր առանձնութեան մէջ ազատօրէն կրնար խորհիլ, յուզուիլ, ինքն իր հետ կիսել ուրախութիւն, տխրութիւն եւ ամէն տեսակի սպասում եւ յուսախաբութիւն: Հետեւաբար անհուն սիրով մը կապուած էր «անոր»:
Ու հիմա այդ «անիծեալը» չկար:
Կարմիր, հինցած ու մաշած կողքով, հաստափոր էջերով իր միակ «սիրականը»… չկար: Այն տետրակը, որուն էջերը յաճախ լեցուն էին շռայլ եւ ամեհի դէպքերով, որոնց կարելի չէր մօտենալ մտքի սահմանափակ իրավիճակով… չկար: Կոսուած էր: Աւելի ճիշդ՝ կորսնցուցած:
Չար սատանայ: Չկար իր ապրած կեանքի վկան: Ամէնօրեայ, ուրախ եւ տխուր պահերով լեցուն էջերով տետրակը, որուն միայն ինք կրնար մօտենալ, համարձակօրէն թղթատել, երկար-բարակ արձանագրութիւններ կատարել, հոն, իր դրած տեղը չէր:
Հաստատ էր, թէ սենեակին մէջ ծնած էր լռակեաց տագնապ մը, որ կը պտտէր: Յանկարծակի յուզում մը պատած էր դէմքը: Տետրակին կորուստը յուսախաբ տխրութիւն բերած էր դէմքին: Յայտնի էր, թէ տետրակը կորսնցնելու ուրուականը կսկիծ հոսեցուցած էր սրտէն: Նոր տաղտուկ մը, որ իր մաշող մարմինը ցաւով կը սարսռացնէր: Իր հոգիին նման թանկագին մասունքի նման պահած էր զայն երկար տարիներէ ի վեր ու հիմա չկար:
Այս բոլորը անբացատրելի կարօտով յիշեց:
Բայց… ի՞նչ ըսել էր չկար:
Անոր կորուստը զինք աւելի դժբախտ պիտի դարձնէր: Հետեւաբար տաղտկալի կրկներգի նման՝ «ո՞ւր գնած… մեղայ… յարեա՞ւ…», կը փսփսար շարունակ, անհասկնալի բառերով:
Պիտի լար, եթէ չամչնար: Աչքերուն մէջ քարացած տեսիլքներով վերապրումներու անարժան յիշողութիւն մը փորձեց: Սենեակն ու սեղանը տակն ու վրայ ըրած էր, ամէն բան խառնած ու անմեղօրէն գտնելու յոյսը փայփայած:
Է՜հ, ո՛չ ոք կրնար գուշակել, թէ հոն այդ տետրակին մէջ դրոշմուած ապրումներու կողքին, նաեւ կային ցցուած մտածումներ, որոնց բառերը երբեմն կը դառնային մտածում ու թռիչք: Հետեւաբար մեծ յամառութեամբ շարունակած էր իր փնտռտուքը:
Իր մտքի խաղաղութիւնը փնտռելու համար, յանկարծ որոշեց պահ մը հանգիստ տալ ինքզինքին: Դադար առնել: Հանդարտիլ: Անմիջապէս յոգնած ասպետի նման ինքզինք աթոռին վրայ «նետեց»: Փլած եւ տխուր:
Ու յանկարծ, ո՜վ հրաշք… իր յոգնած ու պղտորած աչքերու մշուշին մէջէն տեսաւ տետրակը, հո՛ն գետինը, ուրիշ գիրքերու կողքին, անխնայ նետուած: Իր աճապարանքին մէջ անզգալաբար սեղանէն վար նետած ըլլալու էր:
Այո՛, հրաշք: Շուտով սիրտը ինքնազսպումի ճիգ մը փորձեց: Ինքնածին երանութիւն մը ցնցեց իր գոյութիւնը ու սենեակի մթնոլորտին լեղիի համը՝ ցնդեցաւ: Կամաց կամաց ներքին երանութիւն մը իր դէմքին ժպիտ բերաւ: Կարծես կանաչ օրերն ու ժամերը վերադարձան:
«Կորսուածը… գտնուած էր…»: Ի՜նչ ուրախութիւն…
Ուստի, շուտով երկիւղած պաշտամունքով արագ մը վերցուց զայն: Անզուսպ կարօտով մը գրկեց ու վաղանցուկ աշխարհի ունայնութեան մասին բաներ մը շարելով, ինքզինք արդարացնողի ճիգով մը հառաչեց.
– Է~հ, անպիտան ծերութիւն…
bedig43@aol.com